Share
Հոկտեմբեր 23, 2009 Տպագրում

Պատանեկան-Երիտասարդական Օր Լառնաքայի մէջ

Պատանեկան-Երիտասարդական Օր Լառնաքայի մէջ

ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Վարիչ Մարմինին կողմէ կազմակերպուած «Պատանեկան-Երիտասարդական Օր»ը տեղի պիտի ունենայ Լառնաքայի Հայ Ակումբին մէջ, Կիրակի 1 Նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ։

Օրուան յայտագիրը կ'ընդգրկէ խաղեր, ճաշ եւ այլ հետաքրքրական զբաղումներ, որուն հրաւիրուած են 10-էն 23-ի միջեւ տարիք ունեցող՝ Լառնաքայի, Լիմասոլի եւ Նիկոսիոյ բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները։

ԿԵՄ-ի պատասխանատու ընկ. Սեւակ Կիւրիւնլեան ըսաւ, թէ ճիգ պէտք չէ խնայել մեր երիտասարդութիւնը փրկելու ապազգային ու այլասերող երեւոյթներէ, ու այդ կապակցութեամբ քով-քովի բերելով մեր երիտասարդութիւնն ու պատանեկութիւնը, կը յուսանք դրական առաջին քայլ մը նետել այդ ուղղութեամբ։

Անդրադառնալով մեր մատղաշ սերունդին առջեւ ցցուող դժուարութիւններուն, ընկ. Սեւակ աւելցուց. «Մենք պէտք է զօրակցինք ու նեցուկ կանգնինք մեր տղոց, որովհետեւ հոսանքը շատ զօրաւոր է եւ որեւէ պահուն կրնայ ան քշել տանիլ նոյնիսկ զօրաւոր դիմադրութիւն ունեցողները։ Հոսանքն ի վեր այս պայքարին մէջ մենք կը կարօտինք նաեւ ծնողներու օժանդակութեան»։

Նոյեմբեր 1-ի հաւաքին մասնակցելու համար դիմել հետեւեալ անձերուն.
Սեւակ Կիւրիւնլեան 99 202923
Գէորգ Քէօշկերեան 99 817806
Աբգար Մկրտիչեան 99 588758

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker