Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս Կիպրահայ համայնքի Առաջնորդարանին մէջ

Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդարանին մէջ Երէկ, 8 Հոկտեմբերի 2008, կ.ա. ժամը 11-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, 10 Հոկտեմբերին ստորագրուելիք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ։
Կիպրահայ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, տեղական մամուլի եւ հեռատեսիլի կայաններու ներկայացուցիչներուն առջեւ խօսք առին
Կիպրահայ Թեմի Վարչական Ժողովի ատենապետ Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան եւ ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Մանուկեան։
Ներկաներուն բաժնուեցաւ կիպրահայ համայնքի բաց նամակը ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որը ընթերցուեցաւ Պրն. Մանուկեանին կողմէ։
Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ անոնց ստորագրման դէմ ընդդիմանալու պատճառներուն մասին կարճ ներածականէ մը ետք, Տոքթ. Աշճեան նշեց, թէ այս արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը ոսկի առիթ մըն է Թուրքիոյ համար պնդելու, թէ Ցեղասպանութիւնը հայերու երեւակայութեան արդիւնքն է, եւ թէ սփիւռքի հայերը ընդհանրապէս ծայրայեղականներ են։ Ան ըսաւ, թէ սփիւռքի գոյութիւնն իսկ փաստն է ցեղասպանութեան, քանի «մեր մեծ հայրերը աշխարհով մէկ սփռուեցան, ոչ թէ որովհետեւ անոնք տնտեսական գաղթականներ էին»։
Ներկաներուն շեշտուեցաւ, թէ միայն կիպրահայ գաղութը չէր ստորագրութեան դէմ բողոքողը, այլ ամբողջ սփիւռքը ընդվզած էր, ինչպէս տեսնուեցաւ Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելեսի եւ Պէյրութի ցոյցերէն։ Իրականին մէջ, Սփիւռքի 90 տոկոսը իսկ Հայաստանի երկու երրորդը դէմ է այս արձանագրութիւններու ներկայ ձեւին, ըսաւ Տոքթ. Աշճեան, ընդհանուր բողոքի այս շարժոմը նկարագրելով որպէս «համազգային ընդդիմութեան ալիք մը»։
Պրն. Յակոբ Մանուկեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Կարսի պայմանագրով պարտադրուած ներկայ սահմաններու իրաւականօրէն ընդունելով, Հայաստան կը կորսնցնէ գրաւեալ Արեւմտահայաստանը պահանջելու իրաւունքը։ Սահմանները բանալով ու նման քայլերով ինչպէս Կիպրոսի պարագային, Թուրքիա բարի վարքի վկայական կը ստանայ Եւրոպական Միութենէն ու միջազգային համայնքէն։ Ան ըսաւ, թէ կիպրահայութիւնը բնաւ դէմ չէ սահմաններու բացումին ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, սակայն այս զարգացումները արդիւնք են Հայաստանի վրայ բանեցուած ճնշումներուն։
Վերջաւորութեան Պրն. մանուկեան ներկաներուն ցոյց տուաւ թրքական վարժարաններուն մէջ վերջերս տարածուած քարտէս մը, որուն մէջ Թուրքիոյ սահմանները կը տարածուին Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Իրաքի տարածքներու մէկ մասին, ու Հայաստանի, Կիպրոսի եւ յունական կղզիներու ամբողջութեան վրայ։


