Share
Դեկտեմբեր 17, 2009 Տպագրում

2010-ի Ամավարկի քննարկումը կը լրանայ այսօր

2010-ի Ամավարկի քննարկումը կը լրանայ այսօր

Ներկայացուցիչներու Տան մէջ կը շարունակուի 2010-ի ամավարկի նախագիծի քննարկումը, որ պիտի ամբողջանայ այս երեկոյ՝ քուէարկութեամբ։

Զրոյցը սկսաւ կուսակցութիւններու ղեկավարներու կամ ներկայացուցիչներու ելոյթներով, որոնք նախահաշիւին շուրջ իրենց դիրքաւորումներէն զատ, լայն կերպով անդրադարձան նաեւ Կիպրական հարցին։

ԱՔԷԼ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտրոս Կիպրիանու շեշտեց թէ նախագահ Խրիստոֆիաս, Կիպրական հարցին համար բանակցութեան սեղանին վրայ կը ներկայացնէ առաջարկներ, որոնք կը հիմնուին սկզբունքներու վրայ, գործնական են եւ միասնականութիւն կ'առաջացնեն։ Առաջարկները համապատասխան են Միացեալ Ազգերու որոշումներուն, բարձր մակարդակի համաձայնութիւններուն, միջազգային եւ եւրոպական օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային Խորհուրդի դիրքերուն։

Տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու համար կառավարութեան առած քայլերուն մասին, պարոն Կիպրիանու ըսաւ թէ անոնք յստակ ընկերային առեւելում ունին։

ՏԻՍԻ կուսակցութիւնը մտահոգութիւն կ'արտայայտէ, թէ նախագահ Խրիստոֆիասի վարած բանակցային մարտավարութեամբ, յոյն-կիպրական կողմին համար զիջումներու վտանգ կայ, առանց ապահոված ըլլալու թրքական կողմի փոխ-հատուցումներ։ Անդրադառնալով տնտեսութեան, ան ըսաւ թէ 2010-ին ան կ'ակընկալէ վատթարացում եւ աւելցուց, թէ ՏԻՍԻ կուսակցութիւնը չի կրնար զօրակցութիւն յայտնել նախահաշիւի մը, որ կը սահմանափակուի թիւերու եւ համեմատութիւններու հաշուապահական ներկայացումով մը, եւ պարզապէս կը հաստատէ, ինչպէս ըսաւ ան, տնտեսական անելները, առանց լուծումներ առաջարկելու։

ԷՏԷՔի նախագահ Եաննակիս Օմիրու շեշտեց թէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան երկխօսութեան ընթացքին պէտք է հրապարակենք բոլոր գլուխներու աստիճանական սառեցումի որոշում մը, որոնք պիտի գործադրուի, եթէ Անքարա շարունակէ մերժել Կիպրոսի Հանրապետութեան յանդէպ իր պարտաւորութիւններու կատարումը։

Տնտեսութեան համար, պարոն Օմիրու ըսաւ թէ առկայ խնդիրները, միայն միջազգային տնտեսական տագնապի ազդանշաններ չեն, այլ առնչուած են Կիպրական տնտեսութեան լուրջ խնդիրներուն հետ։ ԷՏԷՔ-ի նախագահը ըսաւ թէ կուսակցութիւնը Պետական Ամավարկի նախահաշիւին թեր պիտի քուէարկէ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker