Նախագահ Խրիսթոֆիաս Քոփընհակըն կը մեկնի
Նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս յոյս յայտնեց, որ Քոփընհակընի մէջ կենսոլորտի փրկութեան համար առնուելիք որոշումները մարդկութիւնը իր հիւանդագին վիճակէն դուրս պիտի բերեն։
Նախագահը այս յայտարարութիւնը ըրաւ Լառնաքայի օդակայա-նին մէջ, նախ քան իր Քոփընհակըն մեկնիլը, ուր տեղի կ'ունենայ Կլիմային վերաբերեալ Միացեալ Ազգերու Միջազգային Ժողովը։
Նպատակը, ըսաւ նախագահ Խրիսթոֆիաս, անհրաժեշտ քայլերը ժամանակին առնելն է, որպէսզի պետութիւնները, մասնաւորաբար անոնք, որ դերակատար եղած են կենսոլորտը ապականալու մէջ ու խնդիրը հասցուցած են ներկայի տագնապալի վիճակին, գործօն դեր ստանձնեն ապականումի նուազումին մէջ ու վարկեր տրամադ-րեն աղքատ ու զարգացող երկիրներուն, որպէսզի մարդկութիւնը շունչ առնէ ու փրկուի։
Նախագահ Խրիսթոֆիաս մաղթեց, որ առնուելիք որոշումները ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդեն հարցերը ու կարելիութիւն ստեղծեն՝ որոշումներուն գործադրութիւնը պարտադիր դարձնելու։




