Մարիոս Կարոյեան 2009-ի Հայ Դատի Անձնաւորութիւնը
Երէկ իրիկուն, Լաչչայի քաղաքապետութեան հանդիսասրահին մէջ, ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախխումբին կողմէ կազմակերպուած եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը վայելող շքեղ հանդիսութեամբ, Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Մարիոս Կարոյեան հռչակուեցաւ «2009-ի Հայ Դատի Անձնաւորութիւնը»։
Տեղական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, երեսփոխաններու, քաղաքապետներւ, դեսպաններու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան, յայտագրի բացումը կատարեց ընկ. Վահան Այնէճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց հանդիսութեան նպատակը։
Ապա, հայերէնով իր խօսքը ուղղեց Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Մանուկեան, որ իր կարգին ըսաւ, թէ Հայ Դատի Յանձնախումբը ամէն տարի պատուած է տեղացի անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց պաշտօնով կամ մասնագիտութեամբ օգտակար հանդիսացած են հայութեան եւ մեր Դատին։ Այս տարի սակայն կը պատուենք հայազգի Մարիոս Կարոյեանը, որ իր քաղաքական ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին զօրավիգ կանգնած է հայութեան ու անոր արդար Դատին։
Կարոյեանի կեանքն ու գործը ներկայացնող տեսահոլովակի ցուցադրութենէն ետք բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ յունարէնով իր խօսքը ուղղելով պատուարժան հիւրին դրուատեց անոր արժանիքները ու ապա զուգահեռ մը գծելով կիպրական հարցին եւ Հայ Դատին միջեւ ըսաւ, որ այս երկու պայքարները մէկ ու միեւնոյնն են, ուղղուած՝ մեծ տէրութիւններուն կողմէ փայփայուած եւ տարածաշրջանին վերահսկիչը նշանակուած Թուրքիոյ դէմ։ Նման պարագաներու, ըսաւ բանախօսը, փոքր ազգերը պէտք է իրար մօտենան ու միացեալ պայքար մղեն, որպէսզի կարենան յաղթահարել բազմապիսի դժուարութիւնները։
Իր խօսքը փակելէ ետք ընկ. Մկրտիչեան «2009-ի Հայ Դատի Անձնաւորութիւն» հռչակեց Մարիոս Կարոյեանը, որ երկարատեւ ծափահարութիւններով բեմ բարձրանալով՝ յատկապէս այս առիթով պատրաստուած յուշանուէր մը ստացաւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Գազանճեանէն։
Իր խօսքին մէջ Մարիոս Կարոյեան ակներեւ յուզումով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս մեծ պատիւին համար, ու յիշելով իր ծնողքը, ուսուցիչները եւ քաղաքական ասպարէզի իր ղեկավարները նշեց, թէ անոնց կը պարտի այս պատիւն ու յարգանքը։ Կարոյեան ըսաւ, թէ ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ Կիպրոսի պատմութեան ամենէն սեւ դրուագներուն վկան հանդիսացաւ եւ ինք անվերջ պիտի պայքարի մինչեւ վերջ գտնեն իր ժողովուրդի տառապանքն ու երկրի բաժանումը։ Ան աւելցուց, թէ ինք հպարտ է իր հայկական ծագումով ու արմատներով եւ որպէս հայ ու կիպրացի իր կարելին պիտի ընէ, որ Կիպրոս ու Հայաստան վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն եւ բռնագրաւուած տարածքներուն։ Մարիոս Կարոյեան իր խօսքը եզրափակեց յայտարարելով, թէ ամբողջ աշխարհ պէտք է ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ ընդունելու իր գործած ոճիրը ու ճանչնալու հայոց ցեղասպանութիւնը։
Յայտագրին իրենց փայլուն մասնակցութիւնը բերին սիրուած երգչուհի Սոնա Կարկալոյեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիա Խաչատուրեանի եւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի «Սիփան» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Ժաննա Թահմիզեանի։
Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։
«« վերադարձ ««



