Միջ-համայնքային միջ-կուսակցական հանդիպում Լիտրա Փալասի մէջ
Յոյն եւ թուրք կիպրական կուսակցութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները երէկ Լիտրա Փալաս պանդոկին մէջ քննարկեցին «Եւրոմիութեան նպաստը ուղղակի բանակցութիւններու գործընթացին» հարցը, որ առաջարկուած էր ԷՏԷՔ կուսակցութեան կողմէ։
Համաձայն Սլովաքիոյ դեսպան Աննա Թուրենիքովայի, որու հովանաւորութեամբ տեղի կ'ունենան այս հանդիպումները, ներկաները համաձայնեցան, որ «Եւրոմիութիւնը պէտք է շարունակէ եւ ընդլայնէ իր դերակատարութիւնը ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն կապակցութեամբ ապահովելով, որ վերջնական լուծումը համահունչ ըլլայ Եւրոպական Միութեան սկզբունքներուն եւ արժէքներուն»։
Հանդիպումը սկսելէն քիչ ետք, երեք կիպրաթուրք կուսակցութիւններ՝ Հանրապետական Թրքական, Սոցիալ-Ժողովրդավար եւ Ժողո-վրդավար, հեռացան ժողովէն առարկելով, որ դեսպանը մի քանի շաբաթ առաջ կիպրաթուրք ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթի ճաշկերոյթին ներկայ չէր գտնուած։
ԷՏԷՔ-ի նախագահ Եաննակիս Օմիրու, որպէս ժողովին հիւրընկալը, ըսաւ. «Կը ցաւիմ, որ երեք կուսակցութիւնները լքեցին ժողովը վիրաւորելով Սլովաքիոյ դեսպան Տկն. Թուրենիքովան, որ այս հանդիպումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է»։




