Սեպտեմբեր 24, 2009

«« վերադարձ ««
Մարիոս Կարոյեան՝ Կիպրոսի Հայ Դատի «Տարուան Անձնաւորութիւնը»

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարեց, թէ 2009-ի «Տարուան Անձնաւորութիւն» ընտրած է Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Մարիոս Կարոյեանը։
Կիպրոսի խորհրդարանի հայազգի նախագահին ի պատիւ Ուրբաթ, 13 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ շքեղ հանդիսութիւն Լաչչայի քաղաքապետարանի նորակառոյց հանդիսասրահին մէջ, որու ընթացքին ան պիտի պարգեւատրուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի կողմէ։ Հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Լիբանանէն նախարար Ալէն Թապուրեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Հանդիսութեան յայտագրին մաս պիտի առնէ Համազգայինի Կիպրոսի մասնաճիւղի «Սիփան» պարախումբը, իսկ հանդիսութենէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն շէնքի նախասրահին մէջ։


