«Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը» ակադեմական խորհրդաժողովին բացման մեծաշուք հանդիսութիւնը

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ» - Այնպիսի պահու մը, երբ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր զարգացումներ կ'արձանագրուին, երէկ՝ չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին, տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը» երկօրեայ խորհրդաժողովին բացման հանդիսութիւնը։
Հաւաքին ներկայ էին Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, Լիբանանի երեք պետերուն ներկայացուցիչները, հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, լիբանանահայ ներկայ ու նախկին երեսփոխաններն ու նախարարները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան, Անգլիոյ դեսպան Ֆրանսիս Մերի Կէյ, հայ թէ օտար ակադեմականներ, ցեղասպանագէտներ, պատմաբաններ, տարբեր երկիրներէ ժամանած եւ խորհրդաժողովին մասնակից հայ թէ օտար դասախօսներ, լիբանանահայ կուսակցութիւններու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լիբանանեան թէ հայկական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Նշենք, որ հաւաքին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէր նախարար Ալեն Թապուրեան, իսկ խորհրդարանի նախագահը՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան համալսարանի հանրային յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Միրա Եարտըմեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան։
Բացման հանդիսութեքան հիւր պատգամախօսն էր Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, որ յայտնեց, թէ խաղաղութեան կամ պատերազմի պայմաններուն մէջ գործադրուած ցեղասպանութիւնը ոճիր մըն է, որ միջազգային օրէնքին կողմէ ենթակայ է դատապարտումի եւ պատիժի։ Կարոյեան շեշտեց, որ մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը յստակ ոճիր է, որուն համար Թուրքիա շարունակ կը փորձէ խոչընդոտել ճանաչման գործընթացը։
Մարիոս Կարոյեան հաստատեց, թէ Կիպրոս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութեան մէջ միշտ ալ եղած է հայ ժողովուրդին կողքին։ Ան ըսաւ, թէ Կիպրոսի խորհրդարանը առաջին խորհրդարաններէն եղած է, որ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը որդեգրած է։
Կարոյեան աւելցուց, թէ Կիպրոսի մէջ բնակող հայերու ազդեցիկ եւ դրական ներկայութեան կողքին Կիպրոսի իշխանութիւնները իրենց աչքերուն առջեւ նաեւ ունին 1974-ի դէպքը, երբ Թուրքիա գրաւեց Կիպրոսի 37 առ հարիւրը, այս պատճառով ալ տեղի ունեցաւ բռնագաղթ ու մշակութային ու կրօնական յուշարձաններու քանդումներ։
Զեկուցաբերը ըսաւ, թէ ճանաչումով, դատապարտումով եւ կանխարգիլումով միայն կարելի կ'ըլլայ հաստատել արդարութիւնը։ Կարոյեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ միայն հաւաքական տեսլականով ու գործակցութեամբ կարելի է իրականացնել նպատակները։
Երկօրեայ խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի այսօր եւ պիտի շարունակուի վաղը։


