Կիպրոսի կրթութեան նախարարը վերահաստատեց Մելգոնեան Կրթական Հատատութիւնը պահպանելու իր փափաքը

«Մելգոնեան Սանուց Բարեկամներ» կազմակերպութիւնը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Կիպրոսի կրթութեան նախարարը դոկտ. Անտրէաս Տիմիթրիու երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2009-ին ընդունեց Սփիւռքէն եւ Մելքոնեան սանուց միութենէն ներկայացուցիչներ, որոնց փոխանցեց կառավարութեան փափաքը՝ պահպանելու պատմական Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը։ «Իմ եւ այս կառավարութեան մտադրութիւնն է Մելքոնեանը պահպանել. երբ դպրոց մը փակուի, ամէն ոք աւելի կ'աղքատանայ», յայտնեց կրթութեան նախարարը իրեն այցելողներուն։
Պատուիրակութիւնը նախարարին զեկուցեց Մելքոնեան Կրթական հաստատութեան եւ անոր շրջանաւարտներուն 80-ամեայ իրագործումներուն մասին, թէ ինչպէս անոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են մշակոյթի, արուեստի ու գիտութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ սատարած են հայ գաղութներու պահպանումին՝ պատրաստելով ուսուցիչներ, առաջնորդներ եւ ազգային հասարակական գործիչներ։
Պատուիրակութիւնը նշեց նաեւ կարիքը սփիւռքի համար համահայկական երկրորդական գիշերօթիկ վարժարանի մը, ուր պահպանուին հայերէն լեզուն, հայոց պատմութիւնը եւ հայ մշակոյթը։ Պատուիրակութեան անդամները նախարարը վստահեցուցին, որ աշխարհի զանազան կողմերէն, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, պատրաստ են հոգալու անոր նիւթական եւ այլ կարիքները։
Պատուիրակութիւնը յիշեցուց կրթութեան նախարարին, Council of Europe՚s of Experts-ի կողմէ հրապարակուած թելադրութիւնները՝ փոքրամասնութիւններու լեզուի պահպանման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ Մելքոնեանի կատարած իրագործումները։ Այս երկու գործօնները խթան ծառայած էին Կիպրոսի կառավարութեան՝ առնելու համապատասխան քայլեր։
Նախարարը խոստացաւ ճիգ չխնայել դպրոցին վերաբացման համար, համագործակցելով Կիպրոսի խորհրդարանի հայութեան ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին, Կիպրոսի համալսարանի նախագահին եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ, այս նպատակը յաջողցնելու միջոցներ փնտռելով։


