Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Դեկտեմբեր 27, 2009 Տպագրում

Նունէ Եսայեան դարձեալ հմայեց կիպրահայութիւնը

Նունէ Եսայեան դարձեալ հմայեց կիպրահայութիւնը

Դեկտեմբեր 25-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի աւանդական կաղանդի պարահանդէսը, աւելի քան 300 հոգիի խանդավառ մասնակցութեամբ։

Այս տարի Հիլթըն պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցած տօնախմբութեան աստղը Երեւանէն հրաւիրուած հանրածանօթ ու սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեանն էր, որ իր ձայնով ու երգերով հմայեց ու ներկաներուն խանդավառութիւնը գագաթնակէտի հասցուց։ Յայտագրին վրայ իր բաժինը ունեցաւ նաեւ լիբանանահայ երգչուհի Սերա, որ իր եւրոպական սիրուած երգերու ցանկով տարբեր ու հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց։

Երեկոյի անակնկալը սակայն X-Factor յայտագրի Յովիկն էր, որ առաջին անգամ կը ներկայանար կիպրահայ հանրութեան։ Գեղեցիկ ձայնով ու հաղորդական բնաւորութեամբ, Յովիկ անմիջապէս գրաւեց սրտերը ներկաներուն, որոնք խելայեղ ծափերով ու բացագանչութիւններով ընդունեցին զինք։

Անշուշտ առանց Սեդօ Պաղտասարեանի եւ նուագախումբին ճարտար ընկերակցութեան երգիչները պիտի չկարենային հանդէս գալ։ Իր բազմաթիւ այցելութիւններով Սեդոն այլեւս կիպրահայութեան սիրելի արուեստագէտը դարձած է ու անոր գնահատանքին արժանացած։

Ինչպէս ամէն տարի՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը այս տարի եւս կարելին ըրած էր հանրութեան ներկայանալու փայլուն ու յիշատակելի պարահանդէսով մը, ներկաները դնելու կաղանդը եւ Ս.Ծնունդը դիմաւորելու պատշաճ մթնոլորտին մէջ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker