Ներկայացուցիչներու Տունը կը քննարկէ 2010-ի Պետական Պիւտճէն
Ներկայացուցիչներու Տունը այս կէսօրէ ետք 2010-ի պետական նախահաշիւի եռօրեայ քննարկման սկսաւ։ Կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծով 5,73 միլիառ եւրօ մուտք եւ 7,92 միլիառ եւրօ ելք նախատեսուած է։
Խորհրսդարանական տնտեսական յանձնախումբը իր տեղեկագրին մէջ նշած է, թէ առաջարկած է երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագիր մը պատրաստել տնտեսական ոլորտին համար։ Կը պա-հանջուի նաեւ՝ պետական պաշտօնէութեան ամսավճարներու սահմանափակում՝ համապատասխան տնտեսութեան կարողականութեան, որ պիտի շարունակէ դժուարութիւններ դիմագրաւել նաեւ 2010-ին։
Տնտեսութեան նախարար Խարիլաոս Ստավրակիս շեշտեց, թէ պիւտճէին մէջ պահուած է ընկերային եւ զարգացման արեւելումը, առանց տուրքերու որեւէ յաւելումի։
Քննարկումը պիտի աւարտի Հինգշաբթի իրիկուն՝ քուէարկութեամբ։ Քննարկումը ուղիղ կը սփռուի Կիպրոսի Ռատիոկայանի ձայնասփիւռի առաջին եւ պատկերասփիւռի երկրորդ կայաններէն։




