ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Հոկտեմբեր 15, 2009 Տպագրում

Բողոքի Հաւաք Նիկոսիոյ մէջ

Բողոքի Հաւաք Նիկոսիոյ մէջ

Երէկ, 14 Հոկտեմբեր 2009-ի իրիկունը, ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի Կիպրոսի մարմիններու հրաւէրով կիպրահայութիւնը հաւաքուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին բակը՝ Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ, իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման դէմ։

Երեք կուսակցութիւններու անունով երեկոն բացաւ ՀՅԴ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Գազանճեան, որ անդրադառնալով տխրահռչակ արձանագրութիւններու ստորագրման, կոչ ուղղեց ժողովուրդին ըլլալ միակամ, ու տէր կանգնիլ տասնամեակներէ ի վեր քաղաքական կուսակցութիւններու հետեւողական աշխատանքով ձեռք բերուած արդիւնքներուն։ «Ինչպէ՞ս կարելի է, որ ժողովուրդին կրած ցեղասպանութիւնը բանակցութիւններու սակարկութեան առարկայ դառնայ եւ կամ պատմագէտներւ քննարկման ենթակայ՝ երբ ան համամարդկային ճանաչում գտած եղելութիւն է արդէն», ըսաւ ան իր խօսքին մէջ։

Ապա, լայն պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ վերջին տասնօրեակի՝ Երեւանի եւ սփիւռքի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու տեսաժապաւէնը, որմէ ետք կարդացուեցաւ Կիպրահայ կազմակերպութիւններու Բաց Նամակը, որ անցեալ շաբաթ ղրկուած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին։

Վերջաւորութեան խօսք առաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս, որ ըսաւ.

«Մեր դարաւոր երազն էր ունենալ ազատ եւ անկախ եւ ամբողջական Հայաստան։ Այդ երազի ճամբուն վրայ բիւրաւոր եւ բիւրաւոր նահատակներ ինկան, բայց երազը մնաց, իղձը մնաց, տենչը մնաց։

«Այսօր իրականացած է մեր երազը։ Ունինք անկախ հայրենիք։ Մեր երազը եւ տենչը պիտի ըլլան, այսուհետեւ ունենալ զօրաւոր Հայրենիք՝ պատմական իրաւացի սահմաններով։ Պէտք է ունենալ առողջ րւ օրինակելի Հայրենիք։ Այդ ուղղութեամբ պիտի շարժին հայոց պետականութիւնը, եկեղեցին եւ ազգային բոլոր կառոյցները՝ ամբողջական հայութեամբ, իսկ հայրենի պետական լառոյցներէն կ'ակնկալուի.

ա) Երաշխաւորել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ որպէս պետութիւն, առաւել ազդու եւ յարատեւ աշխատանքով հետապնդել զայն։

բ) Երաշխաւորել Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը արդար հատուցումով։ Այդ ուղղութեամբ եւ ամբողջական առումով, լայն աշխատանք ծաւալել միջազգային ընտանիքին մօտ, արդար հատուցում պահանջելով իրաւազրկուած ժողովուրդին։

գ) Երաշխաւորել Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ այդ ուղղութեամբ ըլլալ խիստ պահանջկոտ, վերացնելու համար քմահաճ եւ շահադէտ դասաւորումներու կամայական եւ արուեստական մօտոցումները։

«10 Հոկտեմբեր 2009-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը, ընդհանրապէս օտարի ծափահարութիւններուն տակ ստորագրեց խնդրայարոյց ստորագրութիւնները։ Սպասելի է, որ հայոց նախագահը եւ իր վարչամեքենան շուտով եւ համայն հայութեան ծափողջոյններուն տակ ստորագրեն ակնկալուած Երաշխաւորագիրը։

«Այս նախադրեալներու հիման վրայ միայն, եւ անտարակոյս, մենք կ'ունենանք միասնակամ եւ առողջ ժողովուրդ, կ'ունենանք ուժեղ եւ երախտարժան պետութիւն, կ'ունենանք բարգաւաճ եւ ապահով հայրենիք։

«Այլապէս, որպէս ժառանգորդը մեր բիւրաւոր նահատակներուն, անոնց աճիւններուն առջեւ կանգնած եւ անոնց լուռ աղաղակը բարձրացնելով, կը կրկնենք իրենց ՈՉը, եւ նոյն արժանապատուութեամբ մեր կարգին կ'ըսենք Ո՛Չ, մեր ժողովուրդի պատմական եւ արդար իրաւունքներուն դէմ ուղղուած որեւէ համաձայնագրի»։

Կիպրահայութեան բողոքի հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» եւ «Զարթի՛ր Լաօ» երգերու ժողովրդային երգեցողութեամբ։

«« վերադարձ ««