Share
Դեկտեմբեր 16, 2009 Տպագրում

UNFICYP-ի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուած 6 ամիսով

UNFICYP-ի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուած 6 ամիսով

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդը երէկ իրիկուն միաձայնութեամբ վաւերացուց Կիպրոսի մէջ խաղաղապահ զօրագունդի պաշտօնավարութեան 6-ամսեայ երկարաձգումը։ Թիւ 18-98 բանաձեւը քուէարկուեցաւ 14 թեր եւ Թուրքիոյ դէմ ձայներով։

Բանաձեւին մէջ մէջբերուած է Ընդհանուր Քարտուղարին համոզումը, թէ կիպրական հարցին լուծում գտնելու պատասխանատուները նախ եւ առաջ կիպրացիները՝ իրենք են եւ այժմ հազուագիւտ առիթ մը ներկայացած է վճռական յառաջընթաց արձանագրելու։

Բանաձեւը կը քաջալերէ նաեւ կողմերը, արագացնելու բանակցութիւններու կշռոյթը, որպէսզի լաւագոյնս արդիւնաւորուի ներկայացուած առիթը։ Իսկ կիպրաթրքական կողմէն ու թրքական ուժերէն կը պահանջուի Սթրովիլիայի մէջ վերադառնալ նախ քան 30 Յունիս 2000 տիրող զինուորական կարգավիճակին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker