Share
Օգոստոս 26, 2009 Տպագրում

Մելգոնեանէն Շուտով Կը հեռանայ Աղլանճայի Գիմնազիումը

Մելգոնեանէն Շուտով Կը հեռանայ Աղլանճայի Գիմնազիումը

Տեղական «Ֆիլելէֆթերոս» թերթը 25 Օգոստոսի թիւին մէջ գրած է, թէ ըստ կրթական նախարարութենէն ստացած տեղեկութիւններուն Աղլանճայի Գիմնազիումը իր դռները պիտի վերաբանայ գալ տարուայ սկիզբէն։ Այս վարժարանը երկու տարի առաջ Մելգոնեան փոխադրուեցաւ, քանի շէնքը լուրջ վերանորոգման կը կարօտէր։

Նորոգման աշխատանքներու մինչեւ Ծնունդ ամբողջացման լուրը երէկ տրուեցաւ կրթական նախարարութեան արհեստագիտական սպասարկութեան տնօրէնին կողմէ, որ ըսաւ, թէ Աղլանճայի Գիմնազիումի աշակերտութիւնը իր վարժարանը կրնայ վերադառնալ Ծնունդի արձակուրդէն ետք, որով Մելգոնեանի շէնքը պիտի վերադարձուի իր տէրերուն։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker