ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Բանակումը Ընթացքի Մէջ
ԿԵՄ-ի այս տարուան «Արցախ» բանակումը սկսաւ Երկուշաբթի 10 Օգոստոսին, ու ան արդէն բոլորած է իր տեւողութեան կէսը։ Բանակումի խմբապետական կազմը, բաղկացած ընկերներ Սեւակ Կիւրիւնլեանէ, Օհան Ուզունեանէ, Յակոբ Գազանճեանէ, Ժիրայր Սարգիսեանէ եւ Հայկ Կոստանեանէ, բծախնդրութեամբ կը գործադրէ նախագծուած յայտագիրը։
Ընկ. Սեւակ Կիւրիւնլեանի համաձայն, պատանիները խանդավառութեամբ կը հետեւին ամենօրեայ յայտագրին, որ կը սկսի առաւօտեն ժամը 7-ին՝ մարզանքով, ապա՝ դրօշակի արարողութիւն, նախաճաշ, մաքրութիւն եւ այլ աշխատանքներ։
Դաստիարակչական պարապումները տեղի կ'ունենան ժամը 10-ի եւ 13-ի միջեւ, երեք պահերով ու հանգիստի դադարներով։
Մարզական եւ դաստիարակչական խաղերը տեղի կ'ունենան կէսօրուայ ճաշէն ետք, մինչեւ 5։30, որմէ ետք լոգանքի եւ հանգիստի պահն է։ Այս տարուան հետաքրքրական նորութիւնը՝ իրիկուայ դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցող ժողովն է, որու ընթացքին կը քննարկուին օրուայ աշխատանքները եւ կը փոխանակուին կարծիքներ բանակումի առօրեային վերաբերող զանազան հարցերու շուրջ։
Ընթրիքը երեկոյեան ժամը 8-ին է, ապա խարոյկ, երգ, եւայլն, իսկ 11-ին՝ կրակմար։ Բանակումի ամենահետաքրքրական բաժինը 11-էն ետք է, երբ հերթափոխութեամբ կը սկսի բանակավայրի պահակութիւնը։
Այս տարի խոհանոցի պատասխանատուութիւնը սիրայօժար ստանձնած է Տկն. Արմենուհի Կոստանեան։ Վերջին Կիրակին՝ 16 Օգոստոս, կէսօրուայ ճաշի հրաւիրուած են բանակողներու ծնողներն ու բարեկամները։ Բանակողները արդէն սկսած են ծրագրել անոնց ներկայացուելիք յայտագիրը…։
«« վերադարձ ««



