Share
Յուլիս 23, 2009 Տպագրում

ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Թրոտոսի մէջ

ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Թրոտոսի մէջ

ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Վարիչ Մարմինը յայտարարած է, թէ այս տարուան բանակումը տեղի պիտի ունենայ 10-16 Օգոստոսին, Թրոտոսի ծանօթ բանակավայրին մէջ։

Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Գէորգ Քէոշկերեան ըսաւ, թէ բանակումին կրնան մասնակցիլ կրտսեր, երեց պատանիներ եւ երիտասարդներ, 10 տարեկանէն սկսեալ։

«Այս տարուան բանակումը կոչած ենք «Արցախ», ընդհանուր նշանաբան ունենալով «Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստան»ը։ Արդէն 30 հոգի արձանագրուած են եւ յոյս ունինք որ այս թիւը շուտով կը բարձրանայ», յայտնեց ան։

Բանակումի կազմակերպման համար կազմուած է յատուկ յանձնախումբ, որուն մէջ Վարիչ Մարմինի կազմէն զատ նշանակուած են նաեւ փորձառու ընկերներ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker