Յուլիս 23, 2009
ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան բանակումը Կիպրոսի մէջ
ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Գազանճեան յայտնեց, թէ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ»ը այս տարի Կիպրոսի մէջ պիտի կազմակերպէ իր բանակումը։
«Բանակումը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 40 հոգի, տեղի պիտի ունենայ 12-24 Օգոստոսին, Փլաթրէսի «ՏԷՈՔ»ի ճամբարին մէջ, որ ամբողջութեամբ տրամադրուած պիտի ըլլայ այս նպատակին», ըսաւ ան։
Բանակումի ընթացքին, ֆրանսահայ երիտասարդները առիթ պիտի ունենան այցելելու կղզիի տեսարժան վայրերը, ծովափները, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցները։
«« վերադարձ ««



