Օգոստոս 13, 2009
Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ»ի Բանակողները Կիպրոս Ժամանեցին
Փարիզ-Փրակա-Լառնաքա թռիչքով այս առտու ժամը 3-ին Լառնաքա հասաւ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան 40 հոգինոց խումբը, Փլաթրէսի ՏԷՕՔ-ի քէմփին մէջ անցնելու իր ամառնային բանակումը։
Ֆրանսահայ երիտասարդ ընկերները դիմաւորուեցան ԿԵՄ-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարելէ ետք զանոնք ուղեւորեցին դէպի Փլաթրէս։
«Նոր Սերունդ»ի «կիպրական» բանակումը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 24։
Վերջին Կիրակին՝ Օգոստոս 23-ին խումբը պիտի հիւրասիրուի ԿԵՄ-ի Վարիչ Մարմնին կողմէ, ՀԵՄ-ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ։
«« վերադարձ ««



