ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յուլիս 16, 2009 Տպագրում

Տեղի ուեցաւ «Արձագանգի Բարեկամներ»ու հիմնադիր անդամներու ընթրիքը

Տեղի ուեցաւ «Արձագանգի Բարեկամներ»ու հիմնադիր անդամներու ընթրիքը

Երէկ իրիկուն Նիկոսիոյ «Էւոխիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արձագանգի Բարեկամներ»ու հիմնադիր անդամներու ընթրիքը, ներկայութեամբ Կիպրոսի եւ Յունաստանի թեմերու առաջնորդներ՝ Վարուժան Արքեպիսկոպոսի եւ Խորէն Եպիսկոպոսի, ինչպէս նաեւ

«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանի եւ «Ազատ Օր»ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի։
Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան վերջին պահուն հեռաձայնած էր, թէ անյետաձգելի աշխատանքի բերմամբ պիտի չկարենար ներկայ գտնուիլ։

Ողջունելով ներկաները, «Արձագանգ»ի խմբագիր Արթօ Դաւիթեան թերթին մասին մի քանի տեղեկութիւններ փոխանցեց յայտնելով, թէ «Արձագանգ» առաջին անգամ լոյս տեսած է 1981-ին, երախտապարտութեամբ յիշելով Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները, որոնց նուրատուութեամբ թերթը 1995-էն սկսեալ կը հրատարակուի իր ներկայ ձեւաչափով։

«1995-էն ի վեր այս թերթը լոյս տեսած է կանոնաւոր կերպով, մեր ընկերներու կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ, եւ արդար է ակնկալել, որ գաղութն ալ իր գնահատանքը արտայայտէ նիւթական զօրակցութեամբ», ըսաւ ընկ. Արթօ, աւելցնելով, թէ 17 անձնաւորութիւններ, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի, իրենց յատկացումներով արդէն «Արձագանգի Բարեկամներ»ու հիմնադիր անդամներ կը նկատուին։

Ընթրիքի ընթացքին ստեղծուած հաճելի ու մտերիմ մթնոլորտին մէջ խօսք առին նաեւ «Ազդակ»ի եւ «Ազատ Օր»ի խմբագիր ընկերները, որոնք անդրադառնալով ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, շեշտեցին հայ մամուլի արդիականացման եւ նոր ժամանակներուն ու արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Ընթրիքը վերջ գտաւ Վարուժան Սրբազանի գնահատանքի ու քաջալերանքի խօսքերով։

«« վերադարձ ««