Խանասորի Արշաւանքի նշում Կիպրոսի մէջ
Երէկ Թրոտոսի բարձունքին գտնուող հանգստավայրի մը մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի կազմակերպած լեռնագնացութիւնը, որ ըստ կիպրահայ աւանդութեան կը կատարուի Խանասորի արշաւանքի թուականին մօտ Կիրակին։
Իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, օրուայ պատգամախօս ընկ. Սեւակ Կիւրիւնլեան ըսաւ, թէ ինք ամէն տարուան պէս Խանասորի եւ Լիզպոնի գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները պիտի չկրկնէ, այլ պիտի կեդրոնանայ մի քանի մտահոգութիւններու վրայ։
Մեր ազգային ժառանգութիւնը, ըսաւ ընկ. Կիւրիւնլեան, հիմնուած է չորս սիւներու վրայ. եկեղեցին, աւանդութիւնները, լեզուն եւ մշակոյթը։
Նշելէ ետք եկեղեցիին կարեւոր դերակատարութիւնը հայապահպանման մէջ, բանախօսը յիշեցուց, որ ան միայն հոգեւորականներուն չի պատկանիր, այլ՝ ժողովուրդին եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք մեր եկեղեցիին։
Մեր աւանդութիւնները այն կամուրջն են, որ մեր անցեալը կը կապէ ներկային եւ մեզ կ'ուղղէ դէպի ապագան, սակայն անոնք պէտք չէ մեզի անցեալին շղթայեն ու թոյլ չտան ժամանակի առաջընթացին հետ քայլ պահելու։
Երրորդ սիւնը մեր լեզուն է, որուն վրայ պէտք է գուրգուրանք եւ քաջալերենք մեր զաւակները, որ խօսին, գրեն, ու հայերէն գիրքեր ու թերթեր կարդան։ Պէտք է հոգատար ըլլանք նաեւ մեր «Նարեկ» վարժարանին նկատմամբ, որ միակ վայրն է ուր մեր զաւակները հայերէն գրել, կարդալ կրնան սորվիլ։
Իսկ մեր մշակոյթը կրնանք պահպանել մեր միութիւններուն եւ ակումբներուն միջոցաւ։ Աշխարհայնացումին դէմ պայքարելու միակ զէնքը մեր այս կառոյցներն են եւ եթէ խելամիտ կերպով չկառավարենք զանոնք, եթէ նոր մարդուժ եւ աւիւն չներարկենք անոնց մէջ, անոնք կրնան իրենց նպատակին չծառայել ու մենք մեր մշակոյթէն կտրուելու վտանգին առջեւ կը գտնուինք։
Վերջաւորութեան ընկ. Սեւակ պատգամեց, թէ ՀՅԴ ազգային, յեղափոխական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն է։ «Ազգային՝ կը նշանակէ հաւատարմութիւն մեր ժառանգութեան հանդէպ, Յեղափոխական՝ կը նշանակէ վատը քանդելու եւ նորարար ըլլալու քաջութիւն, իսկ Ընկերվարութիւն՝ կը նշանակէ պայքար անարդարութեան եւ անհաւասարութեան դէմ», եզրափակեց ան։
«« վերադարձ ««



