Կիպրոս կը նշէ թրքական ներխուժման սեւ տարեդարձը
Զոհուածներու հոգեհանգիստներով եւ թրքական գրաւման դէմ ցոյցերով, կիպրացի ժողովուրդը այսօր կը դատապարտէ թրքական ներխուժման սեւ տարեդարձը, միեւնոյն ատեն ամրապնդելով իր վճռականութիւնը՝ պայքարելու մինչեւ ազատագրում եւ արդարահատուցում։
Առաւօտեան ժամը 5։30-ին բոլոր ազատ քաղաքներուն մէջ հնչեցին ահազանգի ճչակները։ Ժամը 10-ին նախագահ Խրիսթոֆիաս ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ Պանայիաս Ֆաներոմենիս մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած յատուկ արարողութեան։
Իսկ երեկոյեան բողոքի քայլարշաւ մը տեղի պիտի ունենայ Նիկոսիոյ «Օխի»ի հրապարակէն մինչեւ «Լիտրս Փալաս»ի անցարգելը, ուր խօսք պիտի առնեն Յունաստանի նախկին նախարար Սթելիոս Փափաթեմելիս եւ դասախօս Նէոկլիս Սարրիս։
Կուսակցութիւններ, քաղաքապետարաններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ իրենց յայտարարութիւններով դատապարտած են Կիպրոսի նկատմամբ Թուրքիոյ գործած ոճիրը եւ նշած՝ թէ կիպրացի ժողովուրդը կը շարունակէ իր կղզիի վերամիաւորման պայքարը, միեւնոյն ատնե յորդորելով, որ միայն միասնականութեամբ կարելի է շրջել ներխուժման ու գրաւման առաջացուցած կացութիւնները։




