Յուլիս 16, 2009

«« վերադարձ ««
Կիպրոսի Թեմի ցաւակցագիրը Իրանի Առաջնորդներուն

Իրանի մէջ պատահած օդանաւային արկածին առիթով, Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոս հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան դեսպանին։
«Խոր ցաւով իմացանք Թեհրան-Երեւան ուղեգծի օդանաւային արկածը, որ պատահեցաւ 15 Յուլիս 2009, կէսօրին, Թեհրանէն թռիչք առնելէն վայրկեաններ անց, խլելով կեանքը անձնակազմին եւ բոլոր ուղեւորներուն։
Յանուն թեմիս հոգեւորական դասուն, ժողովուրդին եւ ժողովականութեան մեր խորունկ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք թեմիդ Ազգ. իշխանութեանց, ժողովուրդին եւ յատկապէս անմեղ զոհերու հարազատներուն։
Թող բարձրեալն Աստուած երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ զոհերու հոգիներուն եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն շնորհէ իրենց սիրելիներուն եւ հարազատներուն։»


