Նիկոսիոյ մէջ Բողոքի Ցոյցեր Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանատուAներուն առջեւ

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը այսօր, 16 Հուլիս, Նիկոսիոյ մէջ բողոքի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպեց ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն առջեւ։
Երեք երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն բողոքի յուշագիրներ յանձնուեցան պահանջելով որ վերջ տրուի հայկական կողմին վրայ բանեցուող ճնշումներուն, անընդունելի զիջումներ պարտադրելու ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութեան գործընթացին կապակցութեամբ։
Ժամը 10։45-ին Յուշագիրը յանձնուեցաւ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ապա ցուցարարները քալեցին մօտակայ Ամերիկեան դեսպանատունը ուր Յուշագիրը յանձնուեցաւ ժամը 11։45-ին, իսկ ֆրանսական դեսպանատուն յուշագրի յանձնումը տեղի ունեցաւ ժամը11։45-ին։
Կիպրահայ գաղութի բոլոր համայնքային ու հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ ստորագրուած յուշագրով կը նշուի թէ աշխարհասփիւռ հայկական գաղութները խոր յուսախաբութիւն կ'ապրին, ի տես այն միակողմանի ճնշումին որ կը բանեցուի հայկական կողմին վրայ, ղարաբաղեան հարցի նկատմամբ վտանգաւոր զիջումներու մղելու զայն, վտանգելով Հայաստանի ու Արցախի ապահովութիւնը եւ խթանելով Ազերիական այլամերժութիւնն ու յարձակողապաշտութիւնը։
Հայ Դատի Յանձնախումբի տեղեկութիւններուն համաձայն, այսօր նմանօրիւնակ ցոյցեր տեղի պիտի ունենան աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր հայ համայնք գոյութիւն ունի։


