Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին Նիկոսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բողոքի հաւաք

Հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ ՌԱԿ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի Կիպրոսի մարմիններու ներկայացուցիչները, Նիկոսիոյ մէջ հանդիպում մը ունենալէ ետք, միացեալ յայտարարութեամբ մը որոշած են կազմակերպել բողոքի հաւաք մը եւ կը հրաւիրեն կիպրահայութիւնը, իր ընդվզումը արտայայտելու, ընդդէմ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւններու ստորագրման:
Հարապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի գործադիր մարմինները կոչ կ’ուղղեն կիպրահայ համայնքի անդամներուն, Չորեգշաբթի Հոկտեմբեր 14-ին, երեկոյեան ժամը ութուկէսէն իննուկէս, հաւաքուելու Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից Հայկական Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ:
Բողոքի հաւաքի ընթացքին կիպրահայ համայնքի անդամներուն պիտի փոխանցուի ՌԱԿ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի Կիպրոսի մարմիններու միացեալ կոչը, Ցիւրիխի մէջ, Հոկտեմբեր 10-ի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման լոյսին տակ:
Պիտի ցուցադրուին նաեւ վերջին օրերու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէպի սփիւռք այցելութեան առթիւ Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Տոնի Ռոստովի, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու տեսաերիզները:


