Յաջողութեամբ վերջացաւ ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Բանակումը
Կիրակի, 16 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութեան 2009-ի «Արցախ» պատանեկան բանակումի փակումը, յատուկ հանդիսութեամբ ու ծնողներու եւ այցելուներու մասնակցութեամբ ։
Փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրուայ ճաշէն առաջ։ Ողջունելով ծնողներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը, ընկ. Սեւակ երկու խօսքով ներկայացուց բանակումի նպատակն ու իրագործուած ծրագիրը։ Ապա գործադրուեցաւ պատանիներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան ֆէտայական կեանքէ դրուագներ ու յեղափոխական դէմքեր։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ դրօշակի վերջին արարողութեամբ։
Ուրախ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ անցաւ նաեւ կէսօրուայ ճաշը, որմէ ետք պատանիները մեկնեցան, տարի մը եւս իրենց հետ տանելով բանակումի անուշ յիշատակները։
Բանակումի վերջին գիշերը՝ Շաբաթ, Օգոստոս 15-ի երկոյեան բանակավայր այցելեց Փլաթրէսի ՏԷՕՔ-ի քէմփին մէջ բանակող ՀՅԴ Ֆրանսայի «նոր Սերունդի» լման խումբը, որ հիւրասիրուեցաւ խորովածով։
Ընթրիքէն ետք ֆրանսահայ ու կիպրահայ պատանիներն ու երիտասարդները միախառնուեցան խարոյկին շուրջ ու միասնաբար ապրեցան անմոռանալի պահեր։ Հանդիպումին ընթացքին խօսք առին, կիպրահայ բանակողներու անունով՝ ընկ. Յակոբ եւ ընկ. Յարութ, իսկ ֆրանսահայ բանակողներու կողմէ՝ ընկ. Տիգրան եւ ընկ. Թադէ։ Յեղափոխական խանդավառ երգերն ու զուարթ ժամանցը տեւեց մինչեւ գիշերուայ ժամը 11, որմէ ետք հիւր ընկերները մեկնեցան։
«« վերադարձ ««



