Սեպտեմբեր 02, 2009

«« վերադարձ ««
Կարոյեան Լիբանան ժամանեց

Երէկ Լիբանան ժամանեց Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան։ Անոր պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Կիպրոսի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ Կարոյեանը դիմաւորեցին երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ Միշել Մուսա։
Կարոյեան Լիբանանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայկազեան համալսարանի եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը» նիւթով խորհրդաժողովին։


