Share
Օգոստոս 22, 2009 Տպագրում

«Մելգոնեան» Վերաբացման Ի Նպաստ Ստորագրաւահաւաքը Աւարտած Է

«Մելգոնեան» Վերաբացման Ի Նպաստ Ստորագրաւահաւաքը Աւարտած Է

ՆԻԿՈՍԻԱ.- ըստ կիպրական «Ֆիլելեֆթերոս» թերթի Օգոստոս 14-ի թիւով հրապարակուած տեղեկատուութեան, «Մելգոնեան» կրթօճախի վերաբացման ի նպաստ կազմակերպուած ստորագրահաւաքը աւարտած է:

Ստորագրահաւաքին մասնակցած են աշխարհի տարբեր անկիւններ ծուարած 6800-է աւելի հայեր, որոնցմէ 1100-ը (յոյներու հետ) Կիպրոսէն, 120-ը՝ Թուրքիայէն, շուրջ 2000-ը՝ Միացեալ Նահանգներէն, իսկ մնացեալը՝ այլ երկիրներէ: Ստորագրահաւաքը համացանցին միջոցով կը կատարուէր Մարտ ամիսէն սկսեալ:

Խնդրագիրը, համապատասխան ստորագրութիւններով, ուղարկուած է Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահին: Օրինակներ ուղարկուած են նաեւ արդարադատութեան, ներքին գործերու եւ կրթութեան նախարարներուն:

«Մելգոնեան» հաստատութիւնը փակուած էր երկու տարի առաջ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան կարգադրութեամբ: Անցեալ տարի, «Մելգոնեան»ի տարածքին վրայ տեղաւորուեցաւ կիպրական «Աղլանճա Կիմնազիա» կրթական հիմնարկութիւնը:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker