Share
Դեկտեմբեր 15, 2009 Տպագրում

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՎԱԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻ ՆՇԱՆԱԿՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՎԱԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻ ՆՇԱՆԱԿՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչի պաշտօնին համար թեկնածութիւն ներկայացնելու որոշումիս գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր Նարեկ Հայկական Վարժարաններուն օգտակար հանդիսանալու մեծ փափաքս: Խորապէս համոզուած եմ, թէ Նարեկ Վարժարանները պէտք է արժանացնենք մեր ամբողջական հոգածութեան եւ գուրգուրանքին, որովհետեւ առանց որեւէ կասկածի, անոնք կը հանդիսանան կիպրահայութեան ազգապահպանումի միակ ապահով հիմքը, յատկապէս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փակումէն ետք:

Նարեկ վարժարաններու մասին բազմաթիւ դժգոհութիւնները փարատելու կամ անոնց համար լուծումներ փնտռելու նախանձախնդրութեամբ, երկար եւ մանրակրկիտ ծրագրումով - երբեմն ալ ենթակաները համոզելու դժուարին աշխատանքէ ետք - յաջողեցայ կազմել հոգաբարձական մարմին մը, բաղկացած այնպիսի անձերէ, որոնց ասպարէզի փորձառութիւնը եւ հետաքրքրութիւնները որոշ չափով կապ ունին կրթական-դաստիարակչական մարզերուն եւ այդ ուղղութեամբ կատարուելիք ապագայ ծրագիրներու հետ: Աւելին` առաջին անգամ ըլլալով կիպրահայ իրականութենէն ներս, կազմը չէր բաղկանար մէկ հատուած կամ խմբաւորում ներկայացնողներէ, այլ իւրաքանչիւր անձ նկատի առնուած էր իր մասնագիտութեան եւ արժանիքներու հիման վրայ, բոլորովին անկախ իր պատկանած շրջանակէն կամ ունեցած հակումներէն:

Հետեւաբար, յաջորդող հինգ տարիներուն համար, Կրթական Նախարարութեան ներկայացուցի յանձնարարութիւնս՝ Նարեկ վարժարաններու հոգաբարձական կազմին, բաղկացած հետեւեալ անուններէն.-

Վարդան Թաշճեան - Ատենապետ, Հայկ Տէր Նշանեան, Սեպուհ Դաւիթեան, Ռաֆֆի Մահտեսեան, Երան Գույումճեան, Աւետիս Չուլճեան, Ասատուր Տէվլեթեան, Յարօ Գասապեան, Վարդ Ալթըփարմաքեան, Մասիս Տէր Բարթող
Անիթա (Պօյաճեան) Գազանճեան

Ստանալէ ետք Կրթական Նախարարին բերանացի հաստատումը, թէ կազմը նոյնութեամբ պիտի ներկայացուէր Նախարարաց Խորհուրդին առ ի վաւերացում, կը մնար սպասել միայն պաշտօնական պատասխանին:

Սակայն, կը թուի թէ ամիսներ տեւող մթին ու խանգարիչ աշխատանքով ու կողմնակի միջամտութիւններով, կարգ մը անձեր, վերջին պահուն Նախարարաց Խորհուրդին ներկայացուելիք ցանկէն դուրս հանել տուած էին Ասատուր Տէվլեթեանի, Անիթա (Պօյաճեան) Գազանճեանի, Աւետիս Չուլճեանի, Յարօ Գասապեանի եւ Մասիս Տէր Բարթողի անունները, զանոնք փոխարինելով Ռիթա Գասպարեանի, Հայարփի Տէմիրճեանի, Սիամանթօ Օգնայեանի, Արթօ Առաքելեանի եւ Նայիրի (Տէր Առաքելեան) Մըրհէժի անուններով: Անվայել արարք մը՝ որ անտարակոյս անտեղի դժուարութիւններու դուռ կը բանար Կիպրոսի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն, վնաս հասցնելով Պետական Ներկայացուցիչի իրաւասութիւններուն եւ Նարեկ Վարժարաններուն։

Կարելի չէր անշուշտ, ձեռնածալ եւ լուռ մնալ…

Ուստի, պետական բարձրագոյն մակարդակի անձնաւորութիւններու հետ անհրաժեշտ հանդիպումներէն ետք, հարցը աւելի չբարդացնելու եւ ստեղծուած կացութիւնը դարմանելու նպատակով, յօժարեցայ ընդունիլ որ Ռիթա Գասպարեանը, Արթօ Առաքելեանը եւ Նայիրի (Տէր Առաքելեան) Մըրհէժը մաս կազմեն հոգաբարձական կազմին, փոխարինելով սկզբնական ներկայացուցած ցանկէս Վարդ Ալթըփարմաքեանը, Անիթա (Պօյաճեան) Գազանճեանը եւ Հայկ Տէր Նշանեանը։

Վերոյիշեալ իրադարձութիւններու աւարտին, ստորեւ կը ներկայացնեմ Կիպրահայ Նարեկ Վարժարաններու նոր հոգաբարձութեան վերջնական ցանկը.-

Վարդան Թաշճեան - Ատենապետ, Յարօ Գասապեան, Սեպուհ Դաւիթեան, Մասիս Տէր Բարթող, Երան Գույումճեան, Ռիթա Գասպարեան, Ասատուր Տէվլեթեան, Արթօ Առաքելեան, Ռաֆֆի Մահտեսեան, Աւետիս Չուլճեան
Նայիրի (Տէր Առաքելեան) Մըրհէժ

Առանց յաւելեալ մանրամասնութեան, եզրակացութիւնները կը թողում կիպրահայ համայնքի յարգելի անդամներուն դատողութեան:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ
Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ 16 Դեկտ. 2009

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker