Share
Ապրիլ 26, 2010 Տպագրում

Հայկական Ցեղասպանութեան 95-ամեակի նշումը Կիպրոսի մէջ

Հայկական Ցեղասպանութեան 95-ամեակի նշումը Կիպրոսի մէջ

Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կիպրոսի Յանձնախումբի կազմակերպած պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2010-ին Նիկոսիոյ «Փասիտի» սրահին մէջ։

Հանդիսութիւնը կը վաըելէր բարձր հովանաւորութիւնը խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանին, որ նաեւ անձամբ ներկայ կը գտնուէր։ Ներկայ էին նաեւ կառավարութեան երեք նախարարներ, Արտաքին գործոց՝ Մարկոս Կիպրիանու, Պաշտպանութեան Կոստաս Փափակոստաս, Հաղորդակցութեան եւ Շինարարութեան՝ Երատօ Կոսակու-Մարկուլլի, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, երեփոխաններ, դեսպաններ եւ այլ պաշտօնական հիւրեր։

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Լուիզ Այնեճեանի բացման խօսքով, որուն յաջորդեցին Կիպրոսի Հայ Համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի խօսքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի պատգամը։

Օրուան բանախօսն էր Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Եոաննիս Քասուլիտիս, որ հայութեան ներկայացաւ քաղաքական կուռ եւ բովանդակալից խօսքերով։

Անդրադառնալէ ետք Հայկական ցեղասպանութեան եւ անոր ճանաչման 95-ամեայ պայքարի պատմականին, ան ըսաւ. «Նկարագրելը, թէ հայու մը համար ինչ կը նշանակէ 1915-18-ի ցեղասպանութիւնը ոչ միայն դժուար է, այլ անկարելի։ Նոյնիսկ կիպրացի յոյնի մը համար, որուն կեանքը ձերինին նման է, եւ հայ համայնքին հետ շփման փորձառութիւնն ու գիտակցութիւնը ունի։

«Դուք լաւ կը ճանչնաք, որ մենք ձեզի հետ կը զգանք եւ կ'ըմբռնենք ազգային աղէտի ու գաղթականութեան ցաւը։ Ձեզի հետ, սիրելի բարեկամներ, կը տենջանք Փենտատաքթիլոն, ինչպէս դուք կը տենջաք Արարատը։ Եւ միասին կը պայքարինք, ուր որ կարելի է, հայկական ողբերգութեան ճանաչման պայքարը»։

Նշելէ ետք, թէ այսօր 20-է աւելի երկիրներ եւ ակադեմական աշխարհը կը ճանչնան ցեղասպանութիւնը, Պրն. Քասուլիտիս շարունակեց. «Բուն հարցը, սակայն, երրորդ կողմերու կողմէ ճանաչումը ճէ։ Բուն խնդիրը Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ ընդունիլն ու ներողութիւն խնդրելն է, այսինքն ներկայ թուրք պետութեան։ Եւ միայն այս պարագային է, որ հայ ժողովուրդի ազատագրումը այս մղձաւանջէն պիտի իրականանայ»։

Ծերջաւորութեան բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումին, ու ըսաւ. «Իրականութիւն է, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ անդամակցութեան առջեւ որպէս իրաւական պայման դրուած չէ։ Ասոր պատճառած յուսախաբութենէն անկախ սակայն, ես համոզուած եմ, որ հայկական հարցը կրնայ եւ պէտք է իրեն արժանի առաջնահերթութեան դերը ունենայ անդամակցութեան բանակցութիւններուն մէջ։Մեր բոլորէն կախեալ է, հայկակաան համայնքներէն, եւրոպայի քաղաքացիներէն, քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներէն կախեալ է ատիկա ապահովելը։

«Չմոռնանք, թէ Թուրքիոյ անդամակցութեան վերջնական վաւերացումը միայն 27 կառավարութիւններէն եւ Եւրոպական Խորհրդարանէն չէ որ կ'անցնի, այլ նաեւ 27 ազգային խորհրդարաններէն։ Պարագայ մը, որ իւրաքաիչիւր երկրի քաղաքացիներուն յաւելեալ ճնշումի միջոց մը կու տայ եւ առիթ՝ այս կարեւոր հարցին նկատմամբ կարծիք յայտնելու։

«Մեր նպատակը, սիրելիներ, դարաւոր թշնամութիւնը յաւերժացնել չէ, ոչ իբրեւ հայեր եւ ոչ իբրեւ յոյներ։ Սակայն Թուրքիան ալ պէտք է գործնական քայլերով նոյն նպատակին ձգտի, բան մը, որ չէ ըրած մինչեւ օրս։

«Ցաւալի է, որ Թուրքիոյ սրձանագրած առաջընթացը շատ սահմանափակ է, եւրոպական բոլոր կառոյցներու վկայութեամբ։ Երկրի ներքին դժուարութիւնները դառն վկայութիւններն են այս լկացութեան։ «Էրկենեքոն եւ այլ գաղտնի ծրագիրներու բացայայտումը միմիայն մտահոգութիւն եւ յոռետեսութիւն կրնան առաջացնել։ Փոխանակ արմատական բարեփոխումներու դիմելու, Թուրքիա քարոզչական աճպարարութիւններ կը կատարէ, քննադատութիւններու առաջքը առնելու համար։

«Ոմանք այսօր կը պաշտպանեն Թուրքիան, առանց անդրադառնալու, թէ միայն վատ ծառայութիւն կ'ընծայեն այդ երկրին։ Քանի Թուրքիոյ սանձարձակ ու անպատիժ քայլերն են, որ ընդվզում կ'առաջացնեն Եւրոպայի մէջ, առաջնորդելով կարգ մը պետութիւններ եւ ժողովուրդներ հակառակելու անոր լրիւ անդամակցութեան։

Եոաննիս Քասուլիտիս իր խօսք եզրակացուց հետեւեալ կերպով.«Այս բոլոր քաղաքական իրադարձութիւնները անկապ չեն հայ ժողովուրդի ողբերգութենէն։ Ընդհակառակը, անոնք ամբողջութեամբ իրար կապուած ու իրարմէ կախեալ են։ Որովհետեւ անկախ Հայաստանի վերակառուցումն ու յառաջդիմութիւնը, գործօն ու բարեկեցիկ Սփիւռքը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչման համար մեր միացեալ պայքարը ամենամեծ յուշակոթողն է, որ կրնանք բարձրացնել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն համար»։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի խօսքով, որ մէկդի ձգելով իր պատրաստուած խօսքը, որպէս հայ եւ որպէս կիպրացի, հայրենասիրական խոր ապրումով դրուատեց հայկական ու կիպրական միացեալ պայքարը, որ պիտի շարունակենք անդուլ ու անվհատ մինչեւ յաղթանակէ արդարութիւնը եւ հատուցուին զոհերը։

95-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին, որ մեծ յաջողութեամբ իրագործեցին Տկիններ Սոնա Կարկալոյեան եւ Լլիա Խաչատրեան (մեներգ/դաշնակ) եւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker