ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Սեպտեմբեր 20, 2010 Տպագրում

ՀՕՄ-ի 100-ամեակի Համերգ Նախագահական Պալատին Մէջ

ՀՕՄ-ի 100-ամեակի Համերգ Նախագահական Պալատին Մէջ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17-ի երեկոյեան Կիպրոսի նախագահական Պալատի բացօդեայ ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան 100-ամեակին նուիրուած շքեղ համերգ մը, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» Մասնաճիւղին։

Համերգին ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ կիպրահայ ջութակահար Յարու-թիւն Պէտէլեան, ընկերակցութեամբ իր կողակցին՝ Լոռնա Կրիֆիթի, կատարելով Քրայզլըրի, Ֆրանքի, Խաչատուրանի, Կոմիտասի, Տէ Ֆալլայի, Պրամզի եւ Ռախմանինոֆի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։

Հանրապետութեան Առաջին Տիկնոջ՝ Էլսի Խրիսթոֆիասի հովանաւորու-թեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցած համերգին ներկայ գտնուեցան պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, դեսպաններ, Հայ Համայն-քի Ներկայացուցիչը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայաացուցիչը, հոգեւոր հայրերը եւ արուեստասէր ընտիր բազմութիւն մը, որոնք մեծապէս գնահատելով Պէտէլեան ամոլի բարձրորակ արուեստը, ոգեւոր ծափահա-րութիւններով ողջունեցին անոնց կատարումները։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Վարչութեան ատենապետ Վարդ մահտեսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ օժանդակողներուն, յիշատակի նուէրներ յանձնելով Առաջին Տիկին Էլսի Խրիսթոֆիասին եւ ձեռնարկի հովանաւոր՝ «Խրիսթոֆի Կրուփ»ի նախագահին։

«« վերադարձ ««