Share
Յունիս 05, 2010 Տպագրում

Կիպրոսի Մէջ կը Նշուի ՀՕՄի 100ամեակը

Կիպրոսի Մէջ կը Նշուի ՀՕՄի 100ամեակը

Երէկ իրիկուն, Նիկոսիոյ «Սթօա» ճաշարանին մէջ պատշաճ հանդիսութեամբ ու ընթրիքով նշուեցաւ ՀՕՄ-ի հարիւրամեակը։
Իր ներկայութեամբ հանդիսութիւնը պատուեց Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս-Պետրոս 19րդը, որ նոյն ժամուն հասած էր Կիպրոս, Հռոմի Պապի հրաւէրով ներկայ գտնուելու կաթողիկէ պատրիարքներու խորհրդաժողովին։

Ներկայ էին նաեւ Թեմիս Կաթողիկոսակաան Փոխանորդ Տէր Վարուժան Արքեպիսկոպոս, Հայ Համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ օրուայ նախագահ Տկն. Մակի Մահտեսեան, Ստրովոլոսի քաղաքապետ Սաւաս Իլիոֆոտու, խորհրդարանի կին անդամներ Ստելլա Կիրիակիտիս եւ Մարիա Կիրիակու, Թեմական եւ Վարչակամն Ժողովներու անդամներ եւ կիպրահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ընթրիքէն առաջ գործադրուած յայտագրի ընթացքին ՀՕՄի Կիպրոսի «Սօսէ» Մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Վարդ Մահտեսեան։ Իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վերա Դաւիթեան եւ Յունաստանէն յատկապէս հրաւիրուած բանախօս Կիւլա Գասապեան, հայերէն եւ յունարէն լեզուներով յանգամանօրէն անդրադարձան ՀՕՄի մէկ-դարեայ պատմութեան եւ իրագործումներուն, ներկայ աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն։

Վերջաւորութեան իրենց պարգամները փոխանցեցին նաեւ Վարուժան Արքեպիսկոպոս եւ կաթողիկէ հայոց Պատրիարքը՝ Ներսէս-Պետրոս 19-րդ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker