Բացում՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վերանորոգուած սրահին
Երէկ՝ 21 Փետրուարի կէսօրին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբի վերանորոգուած սրահի բացման առթիւ ճաշկերոյթ՝ հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ Հայ Համայքնի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։
Պատշաճ կերպով զարդարուած սրահի մուտքի եռագոյն ժապաւէնը կտրելէ ետք պետական ներկայացուցիչը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց վարչութեան անդամներուն ու յատկապէս ատենապետ եղբ. Արթօ Թէլլալեանին, կատարուած բացառիկ ու բծախնդիր աշխատանքին համար։ Ան յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք մեզմէ յաւէտ բաժնուած անդամներու յիշատակին ըսաւ, թէ այս Միութիւնը միշտ պատնէշի վրայ գտնուած է ու կը շարունակէ մնալ՝ որպէս գաղութի հայապահպանութեան ամրոցներէն մէկը։
Վարուժան Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները՝ կեանք տալու այս գեղեցիկ սրահին, որովհետեւ առանց այս ընտանիքի անդամներու շունչին ու ներկայութեան սրահը կը վերածուի անկենդան կառոյցի։
Եղբ. Յարութ Թահմազեանի թամատայութեամբ ընթացող յայտագրի ընթացքին խօսք առին նաեւ՝ վարչութեան կողմէ Տկն. Մայտա Պալթայեան եւ Միութեան նախկին ատենապետներէն ներկայ գտնուող եղբայրները։
Ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով, ուրախ ու տօնական մթնոլորտի մէջ։
«« վերադարձ ««



