Կիպրոսի Հանրապետութեան 50-ամեակին առթիւ Աննախընթաց Համերգ՝ Արա Գէորգեանի Մասնակցութեամբ

Շաբաթ իրիկուն, 20 Նոյեմբերին, փառաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ հայրենի անուանի երաժիշտ Արա Գէորգեանի համերգը, մասնակցութեամբ Կիպրոսի Ֆիլհար-մոնիք Նուագախումբին եւ Համազգայինի Կիպրոսի «Սիփան» Պարախումբին։
Կիպրոսի Հանրապետութեան 50-ամեակին ձօնուած եւ Հայ Համայնքի պետական ներկայցուցիչի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած աննախընթաց ներկայացումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս եւ Առաջին Տիկին Էլսա Խրիսթոֆիաս, խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ մեծաթիւ բազմութիւն մը, որ ծայրէ-ծայր լեցուցած էր Սթրովոլոյի քաղաքապետարանի ընդարձակ սրահը։
Յայտագրի սկզբնաւորութեան իր խօսքին մէջ, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան շնորհաւորելով Կիպրոսի Հանրապետութեան 50-ամեակը, կիպրահայ համայնքին երախտագիտութիւնը յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան, խորհրդարանին եւ ամբողջ ժողովուրդին, ցուցաբերուած հոգածութեան ու գուրգուրանքին համար, որուն շնորհիւ հայութիւնը Կիպրոսի մէջ այսօր ունի բարօր ապահով ու հանգիստ կեանք։
Արա Գէորգեան իր ազգային ու ելեկտրոնային նուագարաններով ու նուագախումբի ու պարախումբի ընկերակցութեամբ ներկայացուց 17 ստեղծագործութիւններ, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին ու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն։


