ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Սեպտեմբեր 17, 2010 Տպագրում

Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Դիւանի հանդիպումին Կիպրոսի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Դիւանի հանդիպումին Կիպրոսի Մէջ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Անցնող օրերուն, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան Դիւանի հանդիպումը նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիպման ներկայ էին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կազմող չորս ընտանիքներուն ¥Արեւելեան Ուղղափառ ոչ Քաղկեդոնական եկեղեցիներ, Ուղղափառ եկեղեցիներ, Կաթոլիկ եկեղեցիներ եւ Բողոքական եկեղեցիներ¤ նախագահները:

Յիշեալ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Խորհուրդին առնչուած վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ անդամակցութեան առկախման հարցը: ժողովին նաեւ վերջնական ձեւ ստացաւ յառաջիկայ Շաբաթ Դամասկոսի մէջ տեղի ունենալիք Գործադիր Վարչութեան լիակատար նիստին օրակարգը:

Այս առիթով Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը Խրիսոստոմոս Բ. ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ ժողովականներուն: Ճաշկերոյթին նաեւ ներկայ էին Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Հազիմ Դ., Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Թէոփիլոս Գ., եւ այլ եպիսկոպոսներ յիշեալ Ուղղափառ եկեղեցիներէն:

«« վերադարձ ««