Յունիս 05, 2010
Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Կիպրոսի Մէջ
Հռոմի Պապին Կիպրոս այցելութեան առիթով, երէկ իրիկուն Կիպրոս ժամանեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս-Պետրոս 19-րդը, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի եւ Ամմանի առաջնորդ Ռափայէլ Ծ.Վ. Մինասեանի։ Ան պիտի մասնակցի սրբազան քահանայապետ Պենետիկտոս 16-րդին հետ, կաթողիկէ պատրիարքներու հանդիպման։
Երէկ իրիկուն, հոգեւոր տէրը ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄի 100ամեակի հանդիսութեան։ Իսկ այս առաւօտ, ան ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։ Այս երեկոյ ան պիտի հիւրընկալուի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ տիկնոջ կողմէ։
Կիրակի երեկոյ, Հոգեւոր տէրը հանդիպում պիտի ունենայ Կիպրոսի հայ կաթողիկէ համայնքին հետ «Իւթիւճեան» սրահին մէջ։
«« վերադարձ ««



