Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Յունուար 26, 2010 Տպագրում

«ԱՐՁԱԳԱՆԳ»ի Օրացոյցը Հրապարակի Վրայ

«ԱՐՁԱԳԱՆԳ»ի Օրացոյցը Հրապարակի Վրայ

Հրապարակի վրայ է «Արձագանգ»ի 2010-ի Օրացոյցը, որ թերթին հետ ձրիաբար պիտի ղրկուի կիպրահայ համայնքի բոլոր հասցէներուն։

Օրացոյցը, որ կը ներկայացնէ հին Նիկոսիան, պատրաստուած է աշխատակից Ալեքսանդր-Միքայէլ Հաճիլիրասի կողմէ։ Նիկոսիոյ հին նկարներուն մէջ կը գտնուին չորս տեսարաններ, որոնք սերտօրէն կ'առնչուին հայ համայնքին. Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, Պաֆոս Փողոցը եւ հին հայկական թաղին սիրտը կազմող Վիքթորիա Փողոցը։

Մեր կիպրահայ ընթերցողներէն ոեւէ մէկը, որ նամակատան, սխալ հասցէի կամ այլ պատճառով չի ստանար օրացոյցը, կրնայ դիմել խմբագրութեան։ Արտասահմանի մեր ընթերցողներուն պարագային փափաքողները կրնան զայն ստանալ դիմելով editor@artsakank.com.cy ե-հասցէին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker