Միջ-եկեղեցական Առաքելութեամբ Նարեկ Սրբազան Կիպրոսի Մէջ
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր» - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ եւ Կիպրահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանի հրաւէրով, 26 Ապրիլէն 2 Մայիս, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Տ. Նարեկ եպս. Ալէմէզեան Կիպրոս այցելեց՝ միջ-եկեղեցական հանդիպումներ ունենալու Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոստոմոս արքեպիսկոպոսին եւ այլ պատասխանատուներու հետ։
Հանդիպումները կայացան Վարուժան արքեպիսկոպոսի եւ Կիպրոսի հայոց թեմի վարչական ժողովի ատենապետ տոքթ. Անդրանիկ Աշճեանի մասնակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ներկայացուցիչ Նէոֆիտոս մետրոպոլիտին, ուր խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարած միջ-կրօնական բազմածաւալ յարաբերութիւններուն եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ բռնագրաւեալ Կիպրոսի շրջանի իսլամ թուրքերու հետ ունեցած երկխօսութեան իւրայատկութեան վրայ։ Այս ծիրին մէջ, մասնաւորաբար ընդգծուեցան Հայ Դատի եւ Կիպրական Դատի արդարութիւնն ու անժամանցելի պահանջատիրութիւնը։
Իր այցելութեան ծիրէն ներս Նարեկ սրբազանը, Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, ժողովրդային դասախօսութիւն մը տուաւ «Եկեղեցիները, Հայ Եկեղեցին եւ Միջ-եկեղեցական Շարժումը» նիւթին շուրջ, յատկապէս վերբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական գործունէութիւնը։
«« վերադարձ ««



