Share
Ապրիլ 13, 2010 Տպագրում

Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ՝ հին գերեզմանատան Ս.Պօղոս մատուռին մէջ

Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ՝ հին գերեզմանատան Ս.Պօղոս մատուռին մէջ

Կիրակի, 11 Ապրիլ 2010, ժամը 10-ին Նիկոսիոյ Լիտրա Փալաս պանդոկին մօտ գտնուող հայկական հին գերեզմանատան վերանորոգուած Ս. Պողոս մատուռին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս Հերկելեանի կողմէ:

Ազգային Իշխանութեան Թեմական Ժողովի որոշումով, յետ այսու ամէն տարի, Զատիկին յաջորդ Կիրակի օրը՝ Յիշատակ Մեռելոց, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Նիկոսիոյ հին գերեզմանատան Ս. Պողոս մատուռին մէջ:

Մատուռի վերանորոգման աշխատանքներու աւարտով, վերջ գտաւ նաեւ հին գերեզմանատան բարեզարդման ծրագիրը, որ Ազգային Իշխանութեան Թեմական Ժողովի նախաձեռնութեամբ սկսած էր 2005-ին:

Ծրագրի գործադրութեան համար ապահովուած էր պետական նպաստ, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ:

Ներկայիս, գերեզմանատումը կը գտնուի բարեզարդուած վիճակի մէջ եւ անյայտ գերեզմաններու մէջ գտնուող աճիւնները տեղափոխուած են հաւաքական դամբարանի մը մէջ եւ գերեզմանատան մէջ թաղուած բոլոր ազգայիններու անունները յիշատակուած՝ մէկ յուշաքարի վրայ:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker