Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Յունուար 12, 2010 Տպագրում

Կիպրահայութիւնը Սահմանադրական Դատարանէն կը պահանջէ անվավեր հռչակել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները

Կիպրահայութիւնը Սահմանադրական Դատարանէն կը պահանջէ անվավեր հռչակել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները

ՆԻԿՈՍԻԱ - Երէկ, կիպրահայ գաղութի 18 կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ հետեւեալ նամակը յղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական Դատարանին.

Նիկոսիա, 10 Յունուար 2010
Վսեմաշուք Տիար Գագիկ Յարութիւնեան
Հայաստանի Հանրապետութեան
Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ

Մեծայարգ Պարոն Յարութիւնեան,

Բնական է ու հասկնալի, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պէտք է վերջապէս բարի-դրացիական յարաբերութիւններ հաստատուին։ Սակայն այս յարաբերու-թիւնները կրնան սկսիլ միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերկանգնումէն յետոյ։ Առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ շրջափակման վերացումը այս ճանապարհի առաջին քայլերն են միայն։

Նկատի ունենալով, որ
ա) Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները իրենց ներկայ բովանդակութեամբ, կը բաւարարեն միմիայն Թուրքիոյ հիմնական նախապայմանները՝
- Գոյութիւն ունեցող սահմանի ճանաչում,
- Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն հրաժարում,
- Արցախի հիմնահարցի՝ Ատրպէյճանի ի նպաստ կարգաւորում.
բ) ՀՀ նախագահը 2009 Հոկտեմբեր 10-ի իր ուղերձին մէջ հաստատեց, թէ կարելի չէ կասկածի տակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ հայ ժողովուրդի հայրենազրկման փաստը, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կայ սահմաններու խնդիր եւ թէ ստորագրուած փաստաթուղթերը չեն առընչուիր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հետ.
գ) Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները հակասութեան մէջ կը գտնուին ՀՀ Սահմանադրութեան հիմքը կազմող 1990 օգոստոս 23-ի Անկախութեան Հռչակագիրի հետեւեալ տրամադրութիւններուն.
1. «Գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատա-գրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականցման եւ պատմական արդարու-թեան վերականգնման գործում».
2. «Հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի, «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ».
3. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուակա-նին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպա-նութեան միջազգային ճանաչման գործին»։

Խոնարհաբար ու յարգանքով կը դիմենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատկառելի Սահմանադրական Դատարանիդ, որ վերոյիշեալ կէտերը հիմք ըն-դունելով, Հայաստան-Թուրքիայ արձանագրութիւններով Հայաստանի ստանձ-նած պարտաւորութիւնները՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան անհամապա-տասխան յայտարարէ։

Մեծայարգ Պարոն Յարութիւնեան,
Յունուարի 12-ին աշխարհատարած հայութիւնը շունչը բռնած պիտի հետեւի ձեր աշխատանքին այն վստահութեամբ, որ Սահմանադրական Դատարանը իր արժանավայել բարձրութեան վրայ կենալով, պիտի կարենայ չեզոքացնել Հա-յաստանին եւ հայ ժողովուրդին սպառնացող վտանգը։

Մնամք յարգանօք՝

Կիպրահայ գաղութի կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ՝
Կիպրոսի Հայ Համայնքի պետական Ներկայացուցիչ
Կիպրոսի Հայոց Թեմական Ժողով
Կիպրոսի Հայոց Թեմի Վարչական Ժողով
Կիպրոսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ
ՍԴՀԿ Կիպրոսի Վարիչ Մարմին
ՌԱԿ Կիպրոսի Շ. Վարչութիւն
ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւն
ՀԲԸՄ Կիպրոս
«Նոր Սերունդ» Մշ. Միութիւն
ՀՄԸՄ-ՀԵՄ Նիկոսիա
ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
Հմազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղ
Լառնաքայի Հայ Ակումբ
«Արձագանգ» Ամսաթերթ եւ Կայքէջ
«Ազատ Ձայն» Ամսաթերթ
«Կիպրահայեր» Ելեկտր. Պարբերաթերթ

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker