Կիպրահայութիւնը միասնական ձեռնարկներով կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակը
Կիպրահայութիւնը երէկ իրիկուն քայլարշաւով ու հսկումով, միասնականութեամբ ու պահանջատիրական բարձր տրամադրութեամբ նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակը։
Երիտասարդներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ քայլարշաւը ծայր առաւ Նիկոսիոյ կեդրոնը գտնուող Էլէֆթերիաս հրապարակէն ու ժամը 8-ին հասաւ Արմենիաս պողոտայի սկիզբը, ուր անոր միացաւ հոն հաւաքուած ժողովուրդը, ու բոլորը միասին տպաւորիչ շքերթով հասան Ս. Աստուածածին եկեղեցի՝ նահատակաց յուշարձանին առջեւ։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, խօսք առաւ թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս, ըսելով, որ մէկուկէս միլիոն հայերու նահատակութենէն ահա անցած են 95 տարիներ, երեք անգամ փոխուած են սերունդները, բաւական ճամբայ կտրած ենք, սակայն «Ճամբան դեռ երկար է»։ Եւ այդ ճամբան դժուար է եւ ականուած տեսանելի թէ աներեւոյթ բազմաթիւ եւ բազմապիսի վտանգներով։ Վտանգներ, որոնք տարուէ տարի եւ նոյնիսկ օրէ օր կը բազմանան, լուրջ պատասխանատուութեան տակ դնելով հայրենի պետութիւնները, հայաստանեայց եկեղեցին, Սփիւռքը իր բազմատեսակ կազմակերպութիւններով եւ մեր ժողովուրդի բոլոր անդամները անխտիր։
Սրբազանը յորդորեց ժողովուրդին կառչած մնալու Միասնականութեան եւ Պահանջատիրութեան, նախապայմաններ՝ որոնք երաշխիքն ու բանալին կը հանդիսանան մեր յաջողութեան ու վերջնական յաղթանակին, նահատակներո՛ւ յաղթանակին։
Ապա խօսք առաւ հիւրաբար Կիպրոս գտնուող Սլովաքիոյ միտրոպոլիտ Եորղոս, որ նախ հպարտութեամբ հաստատելէ ետք իր ծագումով հայ ըլլալը, ըսաւ, թէ Սլովաքիան ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններէն մին է եւ պէտք է շարունակել պայքարը մինռեւ որ ամբողջ աշխարհն ու մանաւանդ թրքական պետութիւնը ճամչնայ ցեղասպանութիւնը։ Մենք, որպէս քրիստոնեաներ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, շարունակեց հիւր հոգեւորականը, մենք պատրաստ ենք ներելու գործուած ոճիրը, սակայն ներում ստանալէ առաջ յանցագործը պէտք է ընդունի իր գործած յանցանքը։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ երիտասարդ ասմունքողներու կողմէ ներկայացուած նահատակ բանաստեղծներու քոերթէուածներով, որմէ ետք յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Սլովաքիոյ միտրոպոլիտ Եորղոսի, երեսփոխան Խրիսթոս Ստիլիանիտիսի, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ Թեմական Ժողովի ստենապետ Սեպուհ Դաւիթեանի կողմէ։ Հսկումը վերջ գտաւ ժողովուրդին կողմէ ծաղիկներու ընծայման արարողութեամբ։
Այսօր՝ Ապրիլ 24, տեղի պիտի ունենայ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգիստ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 6-ին պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն հիմնական պատգամախօսը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւրոերեսփոխան Եոաննիս Քասուլիտիս։
«« վերադարձ ««



