Share
Յուլիս 13, 2010 Տպագրում

Կիպրոսի Պետական Համալսարան. Հայերէն Լեզուի Դասընթացք

Կիպրոսի Պետական Համալսարան. Հայերէն Լեզուի Դասընթացք

Կիպրոսի Պետական Համալսարանը որոշած է յառաջիկայ Սեպտեմբերէն սկսեալ համալսարանէն ներս Հայերէն լեզուի մասնաժամ դասընթացներ տեղի պիտի ունենան։

Դասընթացի ընդհանուր տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու կրթական տարեշրջան։ Իւրաքանչիւր տարեշրջան պիտի բաղկանայ 75 ժամուան դասատուութենէ եւ սակը պիտի ըլլայ 150 եւրօ տարեկան։ Ուսանողները ծրագրին աւարտին պիտի ստանան վկայականներ՝ համալսարանի Լեզուներու ուսուցման կեդրոնէն։

Նշենք, որ այս ծրագիրը կ'իրականանայ հայ համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker