Share
Ապրիլ 13, 2010 Տպագրում

Եւա Ռիվաս Կիպրոսի մէջ

Եւա Ռիվաս Կիպրոսի մէջ

Կիպրոս գտնուող Եւրոտեսիլի Հայաստանի ներկայացուցիչ Եվա Ռիվաս Շաբաթ 10 Ապրիլին Նիկոսիոյ Հասարակաց Պարտէզին մէջ ծիրանի ծառ մը դնկեց, ներկայութեամբ Նիկոսիոյ քաղաքապետ Տկն. Էլէնի Մաւրուի եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։

Ծիրանի տնկին, որ նոյն առտու Երեւանէն Կիպրոս բերուած էր Արմավիա ընկերութեան թռիչքով, կը խորհրդանշէր երգչուհիին երգը՝ «Apricot stone» ։

Արարողութենէն ետք, Եվա Ռիվաս տեղւոյն վրայ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայ գտնուող հեռատեսիլի կայաններու թղթակիցներուն: Պատասխանելով թղթակիցներու հարցումներուն, ան բացատրեց թէ իր ցանած ծառը կը խորհրդանշէ Եւրոտեսիլի այս տարուայ իր երգելիք Apricot Stone երգը, եւ աւելցուց թէ այս ծառատնկումը կը կատարէ իր բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին եւ կը խորհրդանշէ իր արմատներուն վերադառնալը։

Եվա Ռիվաս եւ երգահան Արմէն Մարտիրոսեան Կիրակի օր մեկնեցան Կիպրոսէն, շարունակելու համար իրենց շրջապտոյտը որ պիտի ընդգրկէ այցելութիւններ 18 երկիրներ, ծանօթացնելու համար Հայաստանի երգն ու երգչուհին:
Երաժշտական եւ Եւրոտեսիլի աղբիւրներու համաձայն, Եվա Ռիվաս մեծ հաւանականութիւն ունի այս տարուայ մրցոյթին լաւ արդիւնքներու հասնելու:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker