Փետրուար 18, 2010
Կարինէ Ղահրամանեանի նկարներու ցուցահանդէսը
Վաղը՝ 19 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 7։30-ին տեղի պիտի ունենայ հայրենի արուեստագէտ Կարինէ Ղահրամանեանի նկարներու ցուցահանդէսի բացումը։
Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոսի եւ Հայ Համայնքի պետական ներկայացուցիօչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը վայելող այս ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջեւ բաց պիտի ըլլայ նաեւ Շաբաթ ու Կիրակի օրերը՝ 20-21 Փետրուար 2010 ժամը 10։00-21։00։
Կարինէ Ղահրաամանեան նկարչական շարադրութեան եզակի ներքին զգացում մը ունի, որ կարեւոր ազդակ մըն է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Իր գործերը իւրայատուկ երեւակայութեան մը արդիւնքն են եւ այլազան նիւթերու գործածութեամբ ան կը շարադրէ գունագեղ եւ յանդուգն նկարներ։
«« վերադարձ ««



