ԿԻՊՐԱՀԱՅ

Արամ Խաչատուրեանի անուան լարային քառեակի համերգը Նիկոսիոյ մէջ
Երէկ իրիկուն, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Արամ Խառատուրեան քառեակի համերգը։ Հակառակ ձեռնարկի հազիւ մի քանի օր առաջ ծանուցուած ըլլալը, մեծ թիւով կիպրահայեր լեցուցած էին եկեղեցին։
Համերգի յայտագիրը բաղկացած էր Միրզոյեանի «Քառեակ՝ Հինգ Տարբերակներով», Ասլամազեանի կոմիտասեան եւ Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» եւ «Քամանչա» Վարդ Մանուկեանի՝ յատկապէս քառեակին համար մշակած կտորներէն, որոնց անթերի կատարումը ներկաներուն կողմէ գնահատուեցաւ երկարատեւ ծափահարութիւններով։
Վերջաւորութեան թեմի Կաթ. Փոխ. Վարուժան Արքեպիսկոպոս գնահատանքի ու շնորհակալութեան կարճ խօսէ մը ետք յատուկ «Գնահատանքի Գիր»եր յանձնեց քառեակի անդամներուն՝ Մարի Մարգարեան ու Հայկ Վարդանեան (ջութակ), Վաչէ Հովէեան (վիոլա) եւ Վահան Գէորգեան (թաւջութակ)։
Արամ Խաչատուրեանի անուան քառեակը Կիպրոս ժամանեց Պէյրութէն, ուր կը գտնուի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով







