ՄԿՀ Յուշամատեանի Շնորհանդէս-Գինեձօնը
Հինգշաբթի, 24 Յունիսի երեկոյեան, Առաջնորդարանի Իւթիւճեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս-գինեձօնը Եղիա Գայայեանի խմբագրած «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան» հատորին, հովանաւորութեամբ թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արք Հերկելեանի եւ նախագահութեամբ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:
Իր բացման խօսքին մէջ Տոքթ Անդրանիկ Աշճեան անդրադարձաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պատմական դերակատարութեանը որպէս ազգային-մշակութային փարոս սփիւռքահայ կեանքէն ներս: Մելգոնեանը այսօր չկար բայց կայ Եղիա Գայայեանի տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը հանդիսացող Յուշամատեանը, որպէս Հաստատութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող:
Անդրադառնալով հատորի պատրաստութեան համար Եղիա Գայայեանի տարած կոթողային աշխատանքին, օրուան պատգամաբեր եւ Մելգոնեանի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Վարդան Թաշճեան դիտել տուաւ թէ ան արտայայտութիւնն է հեղինակին խորունկ սիրոյն, հաւատքին եւ հաւատարմութեան հանդէպ Մելգոնեանին: Ան յաջողած էր Յուշամատեանին էջերուն ընդմէջէն ներկայացնել իրենց իսկական հարազատութեամբ՝ Մելգոնեանը իր զոյգ շէնքերով, անտառներով, ջրամբարով եւ դամբանով. Մելգոնեանցին իր պատանի հասակի անմեղութեամբ եւ երիտասարդական տարիքի հասունութեամբ. հողը որուն վրայէն անցան գրականութեան մեծերը եւ հարիւրաւոր նուիրեալներ որոնք սերունդներու միտքը եւ հոգին կերտեցին հայութեամբ:
Թերթելով Մելգոնեանի պատմութեան էջերը, Վարդան Թաշճեան ներկայացուց նաեւ այն բոլոր փոթորիկները որոնց կուրծք տուած էր Մելգոնեանը իր պատմութեան ընթացքին եւ կաղնիի նման մնացած կանգուն, անխափան եւ անսասան . . . մինչեւ չարափաստիկ 2005 թուականը երբ, որպէս որբանոց սկիզբ առած Հաստատութիւնը, ինքը պիտի դառնար որբ եւ փակէր իր դռները. եւ այս Յուշամատեանը որ կը ծրագրուէր 80-ամեակին առթիւ ընծայաբերել Հաստատութեանը որպէս յարգանքի, սիրոյ եւ երախտագիտութեան բուրումնաւէտ ծաղկեփունջ , կը դառնար ծաղկեպսակ զետեղուած անոր պանծալի պատմութեան յիշատակին:
Կատարելէ ետք նոր գիրքի օրհնութիւնը, Վարուժան Սրբազան շնորհաւորեց հեղինակը եւ աւելցուց թէ գիրքին կեանք կու տան հեղինակը, մեկենասը եւ ընթերցողը: Առաջին երկուքը կատարած էին իրենց պարտականութիւնը, հերթը հիմա ընթերցողինն էր:
Վերջապէս խօսք առաւ Եղիա Գայայեանը որ իր յուզումնախառն խօսքին ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնց օժանդակութեամբ լոյս տեսած էր այս հատորը: Որպէս խոր երախտագիտութեան արտայայտութիւն, հեղինակը Յուշամատեանի օրինակներ նուիրեց հատորի երեք մեկենասներուն՝ «Գալայճեան» Հաստատութեան, Վարդան Թաշճեանին եւ Յակոբ Տիգրանեանին ինչպէս նաեւ Վարուժան Սրբազանին իր անվերապահ աջակցութեան համար եւ Վարդգէս Մահտեսեանին որուն կը պարտէր իր Կիպրոս կեցութեան իրաւունքը:
«« վերադարձ ««



