Share
Յունիս 01, 2010 Տպագրում

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը Կիպրոսի Մէջ

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը Կիպրոսի Մէջ

Հայաստանի անկախութեան 92-րդ տարեդարձը Կիպրոսի մէջ տօնուեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 28-ի երեկոյեան, Նիկոսիոյ «Փասիտի» հանդիսասրահին մէջ։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի, ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ու Համազգայինի «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութիւններուն կողմէ ու կը տնուէր Հայ Համայնքի պետական ներկայացուցիչի նախագահութեան տակ։

Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս եւ քահանայ հայրերը, աշխատանքային այցով Կիպրոս գտնուող Հայաստանի Զինեալ Ուժերու բարձրաստիճան սպաներ եւ «European Friends of Armenia» կազմակերպութեան խորհուրդի 12 եւրոպական եւ ազգային երեսփոխաններ, որոնք իրենց տարեկան ժողովի գումարման սռիթով Կիպրոս կը գտնուէին։

Յայատագրի գործադրութիւնը սկսաւ ընկ. Յովիկ Մանուշեանի մեներգած «Մեր Հայրենիք» օրհներգով, որուն յաջորդեց ընկհ. Ծարդուկ Սարգիսեանի բացման խօսքը։ Ընկհ. Մարինէ մանուշեանի արտասանած՝ Յ. Շիրազի «Ամենայն Սրտով» քերթուածէն ետք ցոյց տրուեցաւ «Երկիր Մետիա»ի կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը որ կը ներկայացնէր առաջին հանրապետութեան ծնունդն ու առաջին տարիները։

Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Պէյրութի Ս. Յակոբեան վարժարանի տնօրէն եւ «Մարզիկ» թերթի խմբագիր ընկ Վիգէն Աւագեանը։ Բանախօսը յանգամանօրէն անդրադարձաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին եւ պատմական նշանակութեան, ըսելով.

«Այսօր անկախութեան տօնն է մեզի համար։ Հայաստանի մէջ՝ «Հանրապետութեան տօն»ը։ Բնորոշումները այնքան ալ կարեւոր չեն, որքան անուրանալի փաստը այն իրողութեան, որ 92 տարի առաջ, 600 տարուան զրկանքէ եւ անարգանքէ ետք, 28 Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդը ինքնահաստատումի, ինքնակերտումի եւ վերապրումի իր կամքով աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն։
«Մայիս 28-ը կերտեց գաղափարապաշտ, յանձնառու եւ իր իրաւունքներուն տէր կանգնող նոր մարդը, հա՛յ մարդը, որ այսուհետեւ դարձաւ հայկական պետութեան քաղաքացի»։

Անդրադառնալէ ետք Մայիս 28-ով ձեռք բերուած իրագործումներուն ընկ. Աւագեան անդրադարձաւ ներկայ իրականութեան ստեղծած հոգեբանական բարդ իրավիճակը.

«Ներկայիս ունինք Հայաստան մը, որ երկար ճամբայ ունի կտրելիք՝ ամուր եւ կայուն պետութիւն մը դառնալու համար: Ճիշդ է, ան շրջանցած է անկախ պետականութեան հիմերու ստեղծման դժուարին հանգրուանը, սակայն գործունեայ եւ արդիւնաւէտ պետութեան կերտումի ներկայ հանգրուանը նուազ ծանր չէ եւ նոյնքան մեծ գործ կը պահանջէ։ Ունինք Հայաստան մը, ուր ճիշդ է, զարգացում կայ, կեանքի բարելաւում կայ, բայց միաժամանակ անգործութեան, աղքատութեան եւ ընկերային անարդարութեան երեւոյթները տակաւին կը յամենան լայնօրէն: Հայ մարդուն բարեկեցութիւնը եւ ժողովուրդի կենսամակարդակին բարձրացումը, դժբախտաբար, ցարդ նախընտրական խոստումներէ անդին չեն անցած: Ունինք Հայաստան մը, ուր այսօր մտահոգութիւն եւ տագնապ կայ, որովհետեւ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու փոխարէն՝ յաճախ ճակատումո՛վ վճռելու տրամադրութիւններ կան, մինչդեռ ներկայ հանգրուանին ակնկալուածը ներազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան առաւելագոյն պահպանումն ու ամրապնդումն է»։

Ընկ. Վիգէն Աւագեան իր խօսքը եզրակացուց, անդրադառնալով այսօրուայ մեր դժուարութիւններուն.

«Միքայէլ Վարանդեանի բառերով՝ «անտարբերութեան պատուհասն է,- մեղմ որակումով,- որ արտայայտւում է ազգային բոլոր գործօնների նկատմամբ: Հին, բայց միշտ թարմ վէրք…»: Չվարանինք նաեւ մեր կարգին աւելցնելու անհոգութիւնը, անհեռատեսութիւնը եւ շփացածութիւնը: Շփացած ենք, որովհետեւ անհատաբար հարստանալու սկսած ենք։ Արդեօք հայ մնալու համար միշտ չքաւոր, կարիքաւո՞ր պէտք է ըլլանք։ Ինչո՞ւ «ձեռքը բերանը հասնողը» կը հեռանայ ազգէն։ Կարծէք պարպուած ենք ազգային ամէն տեսլականէ: Մեր չափանիշներուն չափերը սկսած են որոշել ուրիշներու մկրատները: Տեսլական ունեցող ղեկավարութեան մը առաջնորդութեամբ ժողովուրդ մը ամէն տեսակի դժուարութեան կը յաղթէ, ելք մը կը գտնէ անպայման, այնպէս ինչպէս գտաւ Սարդարապատի դաշտին մէջ, այնպէս ինչպէս գտաւ Արցախի լեռներուն վրայ:

«Տեսլակա՛ն: Ահա պատասխանը մեր հարցադրումներուն: Ահա կախարդական այն ուժը, որ կրնայ լուծել գորդեան հանգոյցը մեր տագնապներուն եւ մեզմէ հեռացնել ազգը տկարացնող ու պառակտող երկրորդական հարցերը: Եւ հոս բոլո՛րս ընելիք ունինք, իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ, իր ձեւով ու կարողութեամբ:

«Պարտաւորութիւններու ճշդումը լաւագոյնս կը կատարէ հայրենի պատասխանատու մը, երբ կ’ըսէ. «Ամէն ինչ ընենք, որ հպարտութիւն զգանք Հայաստանով, իսկ դուք ամէն ինչ ըրէք, որ մենք հպարտ զգանք Սփիւռքով»:

Բանախօսութենէն ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը, որմէ ետք Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ հանդիսութիւնը, շարունակուելու համար ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի սրահին մէջ, ճաշկերոյթ-խրախճանքով։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker