Share
Մարտ 18, 2010 Տպագրում

«Նարեկ»ի շրջանաւարտներուն նուէր՝ շրջապտոյտ դէպի Հայաստան

«Նարեկ»ի շրջանաւարտներուն նուէր՝ շրջապտոյտ դէպի Հայաստան

Երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, պետական ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան յայտարարեց, թէ 2010-ի Յուլիսէն սկսեալ Կիպրոսի «Նարեկ» Վարժարաններու շրջանաւարտները ամէն ամառ Հայաստան պիտի այցելեն։

Երթեւեկի ծախսերը պիտի հոգայ պետական ներկայացուցիչը, իսկ Հայաստան կեցութիւնը՝ հայրենի կառավարութիւնը։
Հաղորդագրութիւնը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

«Հաւատալով, որ սփիւռքահայ պատանի-պատանուհիներուն մատղաշ տարիքին Մայր Հայրենիք առաջին այցելութիւնը անհրաժեշտութիւն է, անոնց մէջ արթնցնելու Հայ մնալու, հայօրէն ապրելու եւ ապագային հայութեան ծառայելու իմաստով, յարմար նկատեցի իրագործել երկար տարիներէ ի վեր ունեցած փափաքս։

Անցեալ ամիսներուն, շարունակաբար խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք ՀՀ Յունաստանի եւ Կիպրոսի Լիազօր դեսպան Պրն. Գագիկ Ղալաչեանի հետ եւ գրաւոր ներկայացնելէ ետք առաջարկս, ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, թէ որոշած եմ այս տարուայ Յուլիս ամիսէն սկսեալ եւ մինչեւ այն ատեն որ կը պահեմ Ներկայացուցիչի հանգամանքս, Նարեկ Հայկական Վարժարաններու շրջանաւարտները անխտիր՝ երկու շաբթուայ տեւողութեամբ ուղղարկել Հայաստան ընկերակցութեամբ մի քանի ուսուցիչներու, որպէսզի այցելեն մեր Հայրենիքի պատմական ու տեսարժան վայրերը։

Այս շրջապտոյտին համար հարկ է տեղեկացնել, թէ օդանաւային տոմսակները, վիզայի եւ օդակայան երթեւեկի ծախսերը պիտի յատկացուին իմ կողմէս, իսկ կեցութեան, սնունդի եւ շրջապտոյտներու ծախսերը պիտի հոգայ Հայաստանի Կառավարութիւնը։

Այս հարցով, անցեալ ամիս բերանացի տեղեակ պահած էի նաեւ Նարեկ Վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետը, իսկ 16.03.2010 թուակիր նամակով մըն ալ պաշտօնապէս հաստատած եղայ ծրագիրս իրագործելու որոշումը։

Յոյսով եմ, որ մեր շրջանաւարտներուն դէպի Հայրենիք այս այցելութիւնը պիտի ծառայէ իր բարի նպատակին։

Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ»

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker