Մայիս 15, 2010
«Նարեկ» Վարժարաններու Մարզահանդէսը
Մայիս 12-ի կէսօրէ ետք, տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Նարեկ Վարժարանի տարեկան մարզահանդէսը, մասնակցութեամբ Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ Լիմասոլի վարժարաններու աշակերտութեան։
Մարզահանդէսը կը վայելէր Կաթ. Փոխ. Վարուժան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը եւ Հայ Համայնքի Պետ. Ներկ. Վարդգէս Մահտեսեանի նախագահութիւնը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշակներով մարզադաշտ մուտքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի ձեռամբ։
Պետական քայլերգներու հնչումէն ետք, մարզիկները տուին իրենց մարզիկի երդումը, որուն յաջորդեց Նարեկ Վարժարաններու տնօրէնուհի տիկ. Վերա Թահմազեանի ողջոյնի խօսքը։
Յաջորդեցին մարզկական խաղերն ու մրցումները եւ վերջաւորութեան՝ մրցանակաբաշխութիւն։
«« վերադարձ ««



