Զեկուցում «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործունէութեան Մասին
Չորեքշաբթի 30 Յունիսին, Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հաւաք մը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործունէութեան մասին։
Զեկուղաբերն էր Կիպրահայ Թեմական Ժողովի ատենապետ եւ Հիմնադրամի տեղական մարմնի անդամ Սեպուհ Դաւիթեան, որ անցեալ ամիս մասնակցած էր Երեւանի մէջ կայացած Հիմնադրամի 19-րդ Հոգաբարձուներու ժողովին, որպէս Կիպրոսի ներկայացուցիչը։
Զեկուցաբերը կեդրոնացաւ Հայաստանի ու Արցախի զանազան սահմանամերձ շրջանները կատարած իրենց շրջագայութեան վրայ յայտնելով, թէ պատերազմին աւերներուն ենթարկուած ու կեանքի տարրական պայմաններէն զուրկ այդ գիւղերը մեր բոլորի օժանդակութեան կը կարօտին, որպէսզի կարենան ոտքի կանգնիլ ու կառչած մնալ հայրենի հողին ու սահմանին։
Ան բացատրեց, թէ սռիւռքի բոլոր անկիւններէն եկող օժանդակութիւնը ինչպէս կը գործածուի ճանապարհաշինութեան, կազի, ելեկտրականութեան, ջուրի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բնակելի շէնքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ մշակոյթի սրահներու նորոգման կամ նորերու կառուցման ծրագիրներ իրագործելու համար։
Պրն. Դաւիթեան իր խիստ հետաքրրական զեկուցումը եզրակացուց յայտնելով բաղձանքը, որ Կիպրոսի հայութիւնն ալ օր մը ծրագիր մը իրականացնէ Հիմնադրամի գործունէութեան ծիտրէն ներս։
Երեկոն փակուեցաւ Հիմնադրամի աշխատանքներուն մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութեամբ։
«« վերադարձ ««



