Յուլիս 23, 2010
Մելգոնեանցիներու Վերահաւաք Կիպրոսի Մէջ
Նիկոսիա - 21 Յուլիսի երեկոյեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 1975-ի շրջանաւարտները իրենց 35-ամեակին առթիւ վերահաւաք մը կազմակերպեցին Հաստատութեան շրջաբակէն ներս։
Արտասահմանէն ժամանած շուրջ 20 նախկին սաներ, իրենց կողակիցներուն, կիպրացի դասընկերներուն եւ այդ ատենուայ իրենց ուսուցիչներուն հետ ներկայ գտնուեցան բարերարներու դամբանին առջեւ Լառնաքայի հոգեւոր հովիւ Տէր Մաշտոց քահանայի կատարած հոգեհանգիստի արարողութեան։
Ապա անոնք մասնակցեցան այս առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթ-խրախճանքին, ապրելով յուզումնախառն եւ ուրախ պահեր, յիշելով անցեալի աշակերտական քաղցր օրերը։
Նշենք, որ վերոյիշեալձեռնարկը՝ վերահաւաքի, որ շաբթուան մը տեւողութիւն պիտի ունենայ, առթիւ կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներուն մաս կը կազմէ։
«« վերադարձ ««



